Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Պետական Դաւաճանութեան Եւ Լրտեսութիւն Կատարելու 9 Դէպք, 42 Անձ Ներգրաւուած Է Որպէս Մեղադրեալ

ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Պետական Դաւաճանութեան Եւ Լրտեսութիւն Կատարելու 9 Դէպք, 42 Անձ Ներգրաւուած Է Որպէս Մեղադրեալ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ 2020-2022 թուականներու ընթացքին բացայայտուած է պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութիւն կատարելու 9 դէպք:

Այս մասին Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու Մշտական Յանձնաժողովի նիստին ժամանակ ըսած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Տիգրան Յարութիւնեան:

Անոր խօսքով` այդ դէպքերով ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ յարուցուած 9 քրէական գործերով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է 42 անձ:

«Յիշեալ քրէական գործերից երեք քրէական գործեր մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուել են դատարան եւ գտնւում են դատաքննութեան փուլում, երեք քրէական գործեր միացուել են այլ գործերի, երկու քրէական գործերի վարոյթը կասեցուել է, մէկ քրէական գործով (36 անձերու նկատմամբ) նախաքննութիւնը շարունակւում է», նշած է Յարութիւնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment