Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Արցախի Եւ Միջազգային Գործընկերներու Հետ Կ’աշխատինք Իրադրութիւնը Կայունացնելու Ուղղութեամբ»․ Փաշինեան

«Արցախի Եւ Միջազգային Գործընկերներու Հետ Կ’աշխատինք Իրադրութիւնը Կայունացնելու Ուղղութեամբ»․ Փաշինեան

by MassisPost

Վերջին օրերուն յատկապէս Արցախի մէջ իրադրութեան որոշակի լարում կայ, կառավարութեան նիստի մեկնարկին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` շեշտելով, որ այդ կ’ընդգծուի նաեւ Արցախին բնական կազ մատակարարուող խողովակաշարի խափանմամբ:

Վարչապետը զերծ մնաց որեւէ գնահատականներէ` տեղեկացնելով, որ Արցախի եւ միջազգային գործընկերներու հետ կ’աշխատին իրադրութիւնը կայունացնելու եւ կարգաւորելու ուղղութեամբ: «Այս պահին գնահատականներ չտանք, պարզապէս արձանագրենք, որ կայ այդպիսի իրավիճակ եւ փորձենք կեդրոնանալ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ», եզրափակեց Հայաստանի Գործադիրի ղեկավարը:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրով Փարիզ կատարած այցին` Փաշիյեան զայն «բաւականին յաջող» գնահատեց` ընդգծելով, որ օգտագործելով համաժողովը («Յաւակնութիւններ` Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողով), պէտք է նոր լիցք հաղորդել հայ-ֆրանսական ոչ միայն տնտեսական համագործակցութեան:

«Մենք բազմաշերտ օրակարգ ենք ունեցել եւ մեզ համար կարեւոր է, որ կեդրոնանանք այդ օրակարգի իրականացման վրայ եւ տնտեսական կապերը նաեւ աշխուժացնելու ուղղութեամբ աշխատենք», ըսաւ վարչապետը:

Ընդգծելով, որ այս տարի կը լրանայ նաեւ Ռուսաստանի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման 30-ամեակը, Փաշինեան նշեց, որ Ապրիլին նախատեսուած է իր այցը Մոսկուա, յստակ օր չնշելով:

«Մենք հիմա այդ այցի նախապատրաստական փուլում ենք եւ պէտք է ամէն ինչ անել, որպէսզի այդ այցը նոյնպէս բարձր մակարդակով եւ հարուստ բովանդակութեամբ ընթանայ», ըսաւ վարչապետը:

«Մեր երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնորոշւում է ոչ թէ ընտրական մենատիրութիւն եզրով, այլ՝ ընտրական ժողովրդավարութիւն», ըսաւ վարչապետը` յղում ընելով «The V-Dem Institute»-ի (Varieties of Democracy) վերջերս հրապարակած զեկոյցին:

«Սա նշանակում է, որ ժողորդավարութեան առումով Հայաստանի Հանրապետութեան դասակարգման փոփոխութիւն է տեղի ունեցել, այսինքն` նոյնիսկ 2018 թուականի ոչ-բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւնից յետոյ այս կազմակերպութիւնը շարունակում էր Հայաստանը դիտարկել որպէս ընտրական մենատիրական համակարգ ունեցող երկիր, որի իմաստը հետեւեալն էր, որ կայ մենատիրական համակարգ, որ ընտրական հոլովոյթն, ըստ էութեան, օգտագործում է սեփական վերարտադրութիւնը կազմակերպելու համար: Նոր բնորոշման էութիւնը հետեւեալն է, որ իշխանութիւնները ձեւաւորւում են ընտրութիւններով», ըսաւ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment