Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոխորհրդարանը Ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Հարցով Բանաձեւը

Եւրոխորհրդարանը Ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Հարցով Բանաձեւը

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանը քննարկած է ու 635 կողմ, 2 դէմ եւ 42 ձենպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման հարցով բանաձեւ:

Այն պարտադիր կատարման ուժ չունի: Հիմք առնելով նախապէս ընդունուած շարք մը բանաձեւեր եւ համազեկուցողներու` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հարցերով յայտարարութիւններ, ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան մասին զեկոյցներ, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու 2021 թուականի Նոյեմբեր 11-ի յայտարարութիւնը, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումները, համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանման մասին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ուխտը եւ շարք մը միջազգային այլ փաստաթուղթեր, Եւրոխորհրդարանը կը նշէ, որ վերջին պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ յայտնուած է 1456 կոթող, մեծաւ մասամբ` հայկական:

Պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ էական վնաս հասցուած է հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան, մասնաւորապէս, հրթիռակոծուած է Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին: Վնաս հասցուած է Մեխակաւանի մօտ Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եւ Մատաղիսի մէջ Սուրբ Եղիշէ եկեղեցիներուն, գերեզմանատուներուն:

Եւրոխորհրդարանը կը դատապարտէ Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը վերացնելու եւ անոր գոյութիւնը հերքելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որ կը հակասէ միջազգային օրէնքներուն: Եւրոխորհրդարանը այդ կը համարէ Ատրպէյճանի որդեգրած հայատեացութեան քաղաքականութիւն:

Ծակուռիի մէջ այցելելով 12-րդ դարի հայկական եկեղեցւոյ տարածք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, թէ եկեղեցւոյ պատերէն պէտք է հեռացնել հայերէն մակագրութիւնները:

Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ դադրեցնելու Ղարաբաղի մէջ հայոց պատմամշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու աւերումը, եւ կը յիշեցնէ, թէ որեւէ կոթողի ոչնչացում կամ անոր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան աղաւաղում կը հակասէ Եւրոմիութեան սկզբունքներուն:

Այդ թեմային անդրադարձած են Եւրոպայի Օրէնսդիր Մարմինի պատգամաւորները: Շուէտէն Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Էվին Ինճիր, որ կը ներկայացնէ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարականներու Յառաջդիմական Դաշինքը, շեշտած է` Ատրպէյճանը կը փորձէ վերացնել հայերու մշակութային եւ պատմական ներկայութիւնն ու հետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ:

Ինճիր յայտնած է, որ ծագումով քիւրտ է եւ գիտէ, թէ ինչ ցաւ կը պատճառէ որեւէ ազգի մշակոյթը մերժելու եւ ջնջելու քաղաքականութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ կ’իրականացուի քիւրտերու դէմ: Ան դատապարտած է Ատրպէյճանի գործողութիւնները:

Լեհաստանէն Եւրոպայի Պահպանողականներու եւ Բարեփոխականներու Խմբաւորման անդամ Աննա Ֆոթիկան նշած է, որ պատերազմի ընթացքին երկու կողմերն ալ տեղեկատուութեան փոխարէն յաճախ ապատեղեկատուութիւն տարածած են` փորձելով իրար վարկաբեկել, ուստի անհրաժեշտ է անկախ աղբիւր. պէտք է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն փաստահաւաք խումբ ուղարկել շրջան եւ հասկնալ, թէ հոն ինչ կը կատարուի:

Եւրոխորհրդարանը Պաքուէն կը պահանջէ չխոչընդոտել իր հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներու մուտքը եւ երաշխաւորել անոնց անվտանգութիւնը: Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանէն նաեւ կը պահանջէ վերականգնել բոլոր աւերուած կոթողները, իսկ Եւրոպական Միութեան կոչ կ’ընէ աշխուժօրէն մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգուած պատմամշակութեային ժառանգութիւնը պաշտպանելու գործին եւ ստեղծելու մեխանիզմներ, որոնք թոյլ կու տան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին փաստահաւաք խմբակ ուղարկելու շրջան: Այդ պահանջը ներկայացուցած է Ձախերու խումբէն իրլանտացի օրէնսդիր Միք Ուոլեսը:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ Քաթալոնիոյ երբեմնի առաջնորդ, անկախութեան գաղափարի ջատագով Գարլես Փուչտեմոնը. «Կոչ կ’ընեմ ամէն ինչ ընելու, որ հայոց ժառանգութիւնը պաշտպանուի եւ զայն աւերողները պատժուին, ոչնչացումը աղէտ է, Ատրպէյճանը պարտաւոր է զայն կասեցնել», ըսած է ան:

Ամփոփելով քննարկումները` Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, Չեխիան ներկայացնող իրաւաբան Վերա Իւրովան ըսած է, որ Եւրոխորհրդարանը պիտի շարունակէ երկու կողմերուն յորդորել անվերապահօրէն եւ ամբողջութեամբ պահպանել կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը: Անոր համար անհրաժեշտ է միջազգային առաքելութեան տալ իրավիճակը տեղւոյն վրայ գնահատելու հնարաւորութիւն, աշխատելու հակամարտութիւնը կարգաւորելու, առանցքային հարցերու շուրջ համագործակցելու եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ:

Եւրոխորհրդարանը կ’ընդգծէ պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերջնական սահմանման առումով մօտենալու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով Ատրպէյճանին կը յորդորէ հրաժարիլ առաւելապաշտական նպատակներէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment