Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Օտարերկրեայ Յատուկ Ծառայութիւններու Կողմէ Հայաստանի Ու Արցախի Մէջ Ստեղծուած Գործակալական Ցանց

ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Օտարերկրեայ Յատուկ Ծառայութիւններու Կողմէ Հայաստանի Ու Արցախի Մէջ Ստեղծուած Գործակալական Ցանց

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած եւս մէկ գործակալական ցանց բացայայտած եւ չէզոքացուցած է: Ըստ հաղորդագրութեան` անոր մէջ ներգրաւուած եղած են զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու ծառայողներ, ինչպէս նաեւ նախկին զինուորներ եւ Արցախի պետական մարմիններու աշխատակիցներ:

Դէպքին առթիւ ԱԱԾ-ի մէջ յարուցուած է քրէական գործ, ըստ որուն` օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները ընկերային կայքերու մէջ տեղադրած են բարձր վարձատրութեամբ աշխատանքի վերաբերեալ գովազդային կեղծ յայտարարութիւններ` որպէս պայման առաջարկելով լրացնել աշխատանք փնտռողի անհատական եւ կենսագրական տուեալները, ապա առաջարկած են համագործակցիլ իրենց հետ եւ տեղեկութիւններ տրամադրել, այդ շարքին` Արցախի եւ Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու, ռազմական սարքերու, զօրամասերու, սպառազինութեան, մարտական դիրքերու վերաբերեալ:

Ըստ ԱԱԾ-ի, որոշ պարագաներու մէջ հաւաքագրուած անձեր օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու հետ հանդիպած են երրորդ երկիրներու մէջ եւ ստացած են ծածկանուններ, յանձնած են պետական, ռազմական եւ ծառայողական գաղտնիք պարունակող փաստաթուղթեր:

Կը հաղորդուի, որ գործակալական այս ցանցին մէջ ընդգրկուած որոշ անձեր նախապէս տեղեկացուած եղած են Արցախի դէմ սպասուող պատերազմին եւ անոր յստակ օրուան մասին:

Պետական դաւաճանութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է 16 անձ, անոնցմէ 10-ն կալանաւորուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment