Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Խորհրդարանին Մէջ Հիւրընկալած Են ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Նորընտիր Պաշտպանը

Արցախի Խորհրդարանին Մէջ Հիւրընկալած Են ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Նորընտիր Պաշտպանը

by MassisPost

Մարտ 4-ին Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ հիւրընկալած են Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու նորընտիր պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Հայաստանի օմպուտսմենին նախ ընդունած է Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցը: Ան շնորհաւորած է Քրիսթինէ Գրիգորեանը այդ պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ արգասաբեր աշխատանք մաղթած է: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու հայկական հանրապետութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Քրիսթինէ Գրիգորեան տեղեկացուցած է, որ շուրջօրեայ կապի մէջ է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանի հետ ու հաւաստիացուցած է, որ դիտարկումներու, խախտումներու արձանագրման, միջազգային ատեաններու մէջ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով ալ աւելի պիտի սերտացնեն կապերը: Հանդիպման ներկայ եղած՝ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծած է գործող ծրագրերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Երկուստեք կարեւորած են պատերազմի ընթացքին արցախեան փորձը եւ ՄԻՊ գրասենեակի աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը յետպատերազմեան իրողութիւններուն մէջ:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով` խորհրդարանի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ու գլխադասային յանձնաժողովներու նախագահներուն մասնակցութեամբ: Խորհրդարանականները ընդգծած են այն հանգամանքը, որ Հայաստանի նոր օմպուտսմենը իր առաջին այցը կատարած է Արցախ: Անոնք բարձրացուցած են մարդու իրաւունքներուն առնչուող հրատապ հարցեր: Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը Մարտակերտի շրջանին մէջ տարածքային ստորաբաժանում ունենալու անհրաժեշտութեան մասին խօսած է: Քրիսթինէ Գրիգորեանն ալ Արցախի մէջ համատեղ համաժողով հրաւիրելու մտադրութեան մասին բարձրաձայնած է: Պատուիրակութեան կազմին հետ Արցախ ժամանած Հայաստանի ՄԻՊ գրասենեակի պատասխանատուները ներկայացուցած են իրենց փորձը եւ կարեւոր այս ճակատին վրայ Արցախի իրենց գործընկերներուն հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment