Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանցիներու Մեծ Հոսք Սկսած Է Հայաստան

Ռուսաստանցիներու Մեծ Հոսք Սկսած Է Հայաստան

by MassisPost

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի սկսած պատերազմի պայմաններուն մէջ բարդ վիճակի մէջ յայտնուած են Ռուսաստանի քաղաքացիները: Անոնցմէ շատերը այժմ կը մտածեն երկրէն ժամանակաւոր կամ մշտական հեռանալ, իրենց առեւտրային ընկերութիւնը տեղափոխել:

Վերջին օրերուն Հայաստանի քաղաքացիները Երեւանի փողոցներուն մէջ մեծ թիւով ռուսաստանցիներ կը նկատեն: Միայն Մարտ 3-ին, համաձայն «Զուարթնոց» օդակայանի կայքին, Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներէ 19 չուերթ իրականացուած է դէպի Երեւան:

Ֆէյսպուքի, Թելեկրամի եւ այլ հարթակներու վրայ հարիւրաւոր հարցումներ կը հրապարակուին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ժամանել Երեւան եւ տեղաւորուիլ, տեղափոխել առեւտրային ընկերութիւնը, հաշիւ բանալ դրամատուներուն մէջ եւ այլն:

Կանոնաւոր թռիչքներէն բացի, արդէն չարթերային թռիչքներ կը կազմակերպուին ֆէյսպուքեան յայտարարութիւններու միջոցով եւ տեղերը շատ արագ կը սպառին: Տոմսին գինը 100 հազար ռուպլի է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment