Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Պատանդառութեան Մէջ Պահել 38 Հայ Ռազմագերի․ Միրզոյեան

Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Պատանդառութեան Մէջ Պահել 38 Հայ Ռազմագերի․ Միրզոյեան

by MassisPost

Մարտ 4-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Ճէյմզ Քլեվըրլիի հետ` բրիտանական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է Ճէյմզ Քլեվըրլին պետական նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած է պատասխանատու առաքելութեան մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ ու Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին, նշելով որ անցեալ ժամանակաշրջանին մեծ աշխատանք կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւններու կայացման ուղղութեամբ: Կողմերը ընդգծած են ընդհանուր արժէքներուն եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը:

Ընդգծուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացին նշանակութիւնը, այս ծիրին մէջ կարեւորելով նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է 44-օրեայ պատերազմին, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Անդրադառնալով հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներուն, Արարատ Միրզոյեան շեշտած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել 38 հայ ռազմագերի եւ քաղաքացիական անձ, իսկ հարիւրաւոր անյայտ կորսուածներու, այդ շարքին` տասնեակ բռնի անհետացածներու ճակատագրերը կը մնան չբացայայտուած:

Քննարկուած են նաեւ միջազգային օրակարգին վերաբերող այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment