Home Uncategorized Գլխաւոր Շտաբի Պետ Արտակ Դաւթեանը Պաշտօնանկ Եղած Է

Գլխաւոր Շտաբի Պետ Արտակ Դաւթեանը Պաշտօնանկ Եղած Է

by MassisPost

Պաշտօնէն հեռացուած է Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեանը: Բարձրաստիճան պաշտօնեան արդէն երկրորդ անգամն է նոյն պաշտօնէն կը հեռացուի:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով եւս 4 բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնանկ եղած են` Զինուած ուժերու հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի պետ-վարչութեան պետ Արմէն Յարութիւնեանը, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Անդրանիկ Մակարեանը, բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետ Արթուր Պօղոսեանը, ճարտարապետական զօրքերու պետ-վարչութեան պետ Արմէն Առուշանեանը:

Թէ ինչ է պաշտօնանկութիւններուն պատճառը, Պաշտպանութեան Նախարարութենէն չեն պարզաբանած: Չեն յայտնած նաեւ, թէ ով պիտի զբաղեցնէ Գլխաւոր շտաբի պետի եւ չորս վարչութիւններու պետերու պաշտօնները:

Պաշտօնէն հեռացուած երկու բարձրաստիճան զինուորականները` Գլխաւոր շտաբի պետն ու անոր տեղակալը կ’անցնին երկու տարբեր քրէական գործերով: Արտակ Դաւթեանը «ոչ-պիտանի հրթիռներ» անունը ստացած քրէական գործով կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման համար, իսկ Անդրանիկ Մակարեանը` մէկ այլ գործով ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի համար:

«Ոչ-պիտանի հրթիռներ»ու քրէական գործով 5 ամիսէ աւելի է կալանաւորուած են պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ու այլ բարձրաստիճան զինուորականներ:

Պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն, 2018 թուականին բանակին համար ձեռք բերուած աւելի քան 4 հազար 200 ժամկէտանց, թեքնիք պահանջներուն չհամապատասխանող հրթիռներ քրէական գործի յարուցման պատճառ դարձած են:

Նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ալէն Սիմոնեանի հրամանագրով քանի մը օր առաջ նաեւ Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ, Հետախուզութեան Գլխաւոր Վարչութեան պետ Արայիկ Յարութիւնեանը ազատուած է իր պաշտօնէն: Պաշտօնանկ եղած է նաեւ Զինուած ուժերու թիկունքի պետ Ռոմիկ Մարգարեանը, անոր փոխարէն նշանակուած է Արամ Պօղոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment