Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Փաշինեանը Պաշտօնական Այցով Հրաւիրած Է Մոսկուայ

Փութին Փաշինեանը Պաշտօնական Այցով Հրաւիրած Է Մոսկուայ

by MassisPost

Փետրուար 21-ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:

Երկու երկիրներուն ղեկավարները քննարկած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 16-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը Հայաստանի վարչապետը հրաւիրած է գարնան պաշտօնական այցով մեկնելու Մոսկուայ: Հայաստանի վարչապետն ալ, իր հերթին, Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Հայաստան:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններուն մէջ հաստատուած իրավիճակը, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment