Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մեր Քայլերը Ուղղուած Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութեան, Անոնց Միջազգայնօրէն Արձանագրման. Փաշինեան

Մեր Քայլերը Ուղղուած Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութեան, Անոնց Միջազգայնօրէն Արձանագրման. Փաշինեան

by MassisPost

Մեր քայլերը այսօր ուղղուած են ոչ միայն արցախահայութեան ընկերա-տնտեսական խնդիրներու լուծման, անվտանգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման, այլեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, այդ իրաւունքներու միջազգայնօրէն արձանագրման: Այս մասին Ղարաբաղեան շարժման տարեդարձին առիթով յղած ուղերձին մէջ կը նշէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ան կը նկատէ, որ հերոսներու սերունդներու եւ ընդհանուր հայրենիքին համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալը պիտի ըլլայ «մեծագոյն տուրքը նրանց յիշատակին, որով կ’երաշխաւորուի մեր պետութեան յարատեւութիւնը, Արցախի իրաւունքների միջազգային ճանաչումն ու իրացումը»:

«Այս նպատակների իրացումը պահանջում է հետեւողական, շրջահայեաց եւ ազնիւ աշխատանք ու այս աշխատանքին մէջ պիտի լինենք անսասան», ըսուած է Հայաստանի ղեկավարի ուղերձին մէջ:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ բարձրաստիճան պետական այրերու, զինուորականներու եւ «Ի Պաշտպանութիւն Արցախի» հասարակական նախաձեռնութեան` ՀՀ-էն ժամանած անդամներուն ուղեկցութեամբ այցելած է քաղաքային յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած է:

Ան եղած է նաեւ Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ խոնարհած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսներու շիրիմներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment