Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Տարածաշրջանային Ու Միջազգային Օրակարգի Շարք Մը Հարցեր

Միրզոյեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Տարածաշրջանային Ու Միջազգային Օրակարգի Շարք Մը Հարցեր

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով իր հայ գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռախօսազրոյցով քննարկած է Ուքրանիոյ շուրջ Ռուսաստանի շարունակուող դիմակայութիւնը Արեւմուտքի հետ:

Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտնած է, որ երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները «միտքերու մանրամասն փոխանակում» կատարած են «անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ շարունակուող բանակցութիւններու» վերաբերեալ, որոնք Մոսկուան կը պահանջէ ԱՄՆ-էն եւ արեւմտեան այլ տէրութիւններէ:

Ընդգծուած է Եւրատլանտեան տարածաշրջանին մէջ հաւասար եւ անբաժանելի անվտանգութեան սկզբունքներու հետեւողականօրէն պահպանման կարեւորութիւնը, ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մոսկուայի տեսանկիւնէն, «անբաժանելի անվտանգութիւն» կը նշանակէ, որ ՆԱԹՕ-ն պէտք է խոստանայ չընդունիլ Ուքրանիան եւ նուազեցնել իր ռազմական ներկայութիւնը Ռուսաստանի սահմաններուն մօտ: ԱՄՆ եւ ՆԱԹՕ-ի անոր դաշնակիցները մերժած են այս պահանջները` Ուքրանիոյ վրայ Ռուսաստանի մօտալուտ յարձակման մտավախութիւններու լոյսին տակ:

Ռուսաստանը ուքրանական սահմանին երկայնքով աւելի քան 100.000 զինուոր կուտակած է, սակայն կը հերքէ նախկին խորհրդային հանրապետութիւն ներխուժելու մտադրութիւնը:

Հայաստանը, որ սերտ քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կապեր ունի Ռուսաստանի հետ, հրապարակայնօրէն չէ բռնած հակամարտութեան որեւէ կողմ:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նախօրէին յայտարարեց, որ «ուշադիր կը հետեւի Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն»` յաւելելով, որ Երեւանը չի պատրաստուիր տարհանելու այնտեղ գտնուող հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:

Ի դէպ, հեռախօսազրոյցին վերաբերեալ հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ չի յիշատակուիր Ռուսաստան-Ուքրանիա հակամարտութեան թեմայի արծարծման մասին: Կը հաղորդուի, որ անոնք քննարկած են Մոսկուայի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հայ-ատրպէյճանական պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը եւ Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment