Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Միջոցներ Կը Ձեռնարկ Առաջքը Առնելու` Արցախի Նախագահին Դէմ Ատրպէյճանի Քայլերուն

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Միջոցներ Կը Ձեռնարկ Առաջքը Առնելու` Արցախի Նախագահին Դէմ Ատրպէյճանի Քայլերուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի իրաւապահները մտադիր են «սեղմ ժամկէտերու մէջ ձերբակալել» Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Գլխաւոր Դատախազութեան Քննչական Վարչութեան պետ Նեմաթ Աւազովը:

«Հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Յարութիւնեանը, որ իրեն կը ներկայացնէ որպէս «ինքնահռչակ վարչակարգի առաջնորդ», հնարաւորինս արագ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի յատուկ ծառայութիւններու վարչութիւններու եւ հետախուզական գործակալութիւններու կողմէ», յայտնած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան:

Ատրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն` Պաքուն Յարութիւնեանը կը մեղադրէ «Կեանճայի վրայ հրթիռային յարձակման» համար:

Աւազով պնդած է, որ Յարութիւնեանը ընկերային ցանցերու մէջ խոստովանած է, որ ինքն է քաղաքին վրայ յարձակման նախաձեռնողը:

Աւելի առաջ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն, տեղեկութիւններ հրապարակած էին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ միջազգային հետախուզում յայտարարելու վերաբերեալ:

Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազութիւնը յայտարարած էր, որ «միջոցներ են ձեռնարկուել Ինթերփոլի Գլխաւոր Քարտուղարութեան միջոցով ապօրինի հետախուզման փորձերը կանխելու, հետախուզում յայտարարելու մասին հարցումներ ստանալու դէպքում դրանց ընթացք չտալու, նշուած անձանց հետախուզման վերաբերեալ տուեալները Ինթերփոլի համապատասխան պահոցներում չներառելու եւ դրանց կապակցութեամբ Ինթերփոլի ուղիներով որեւէ համագործակցութիւն չիրականացնելու ուղղութեամբ»: Ինչպէս նշած էր գերատեսչութիւնը, հաշուի առնուած է առաջին հերթին այն հանգամանքը, որ ըստ Ինթերփոլի Կանոնադրութեան 3-րդ յօդուածին` կազմակերպութեան խստիւ կ’արգիլուի որեւէ գործունէութիւն ծաւալել կամ միջամտել քաղաքական, զինուորական, կրօնական, ցեղապաշտաական բնոյթ կրող գործերուն եւ հարցերուն:

Ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս հաղորդուած է, քանի մը անգամ մեկնած է արտերկիր` մասնաւորապէս Ռուսաստանի Դաշնութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment