Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւանը Հրատապ Կը Համարէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փաստահաւաք Առաքելութիւնը ԼՂ Հակամարտութեան Գօտի

Երեւանը Հրատապ Կը Համարէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փաստահաւաք Առաքելութիւնը ԼՂ Հակամարտութեան Գօտի

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն յետոյ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Օտրի Ազուլէի կողմէ առաջարկուած` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի փաստահաւաք առաքելութեան իրականացումը կը համարէ առաջնահերթ եւ հրատապ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը յայտարարէ` Երեւանը կը սատարէ այս առաքելութեան հնարաւորինս արագ կեանքի կոչման` «զինուած հակամարտութեան դէպքում մշակութային արժէքների պաշտպանութեան մասին» 1954-ի Լահէյի Ուխտին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ իրականացման անհրաժեշտութիւնն յառաջացել է պատերազմի հետեւանքով ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման վերահաս վտանգից պաշտպանելու համար: Հայկական յուշարձանների հանդէպ արդէն իսկ արձանագրուած վանտալիզմի դէպքերը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Մշակոյթի Նախարարութեան կողմից օրեր առաջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ինքնութիւնը խեղաթիւրելուն ուղղուած աշխատանքային խմբի ստեղծման ազդարարումը փաստում են, որ նման վտանգն առաւել քան իրական է», կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` շեշտելով, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատուիրակութեան Երեւան եւ Պաքու այցելութեան առաջարկը կը դիտարկենք բացառապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին կողմէ առաջարկուած վերոնշեալ առաքելութեան ծիրին մէջ:

Ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանի եկեղեցիներու, պատմամշակութային յուշարձաններու վիճակին ծանօթանալու նպատակով շատ քննարկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներու այցելութեան եւ առանց սահմանափակումներու ազատօրէն տեղաշարժելու հնարաւորութիւնը, բայց պաշտօնական Պաքուն համաձայնութիւն չէր տար:

Թէպէտ անցեալ տարուայ ամրան Պաքուն յայտարարեց, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է ընդունելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցիչները, առայսօր, սակայն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտները տարածաշրջան չեն այցելած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment