Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւ եւ Վատ Տուեալներ` Իշխանութիւններուն Համար

Լաւ եւ Վատ Տուեալներ` Իշխանութիւններուն Համար

by MassisPost

Ամերիկեան Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը հրապարակեց Հայաստանի մասին իր հերթական` հանրային կարծիքի հարցախոյզը, ուր կան երկրի վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ բաւական ուշագրաւ տուեալներ, որոնց մէկ մասը նպաստաւոր են Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան համար, սակայն կան նաեւ հարցեր, որոնք պէտք է մտահոգութիւն պատճառեն իշխանութիւններուն:

Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման մասին հարցախոյզին մասնակցողներու 70 տոկոսը դրական արտայայտուած է: Վերջերս սկսած բանակցութիւնները կը մնան ամենէն աւելի արծարծուող ու քննարկուող հարցը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Այդ կապակցութեամբ կայ տեսակէտներու տարբերութիւն, զգացական մօտեցումով տրամաբանողներուն եւ քաղաքական իրատեսութիւն ցուցաբերողներուն միջեւ: Ոմանք կը խորհին թէ Հայկական կողմը պէտք է Թուրքիոյ առջեւ նախապայման դնէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, իսկ պետութեան պաշտօնական տեսակէտը այն է թէ, այդ բանակցութիւնները պէտք է կայանան առանց նախապայմաններու, կեդրոնանալով սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման օրակարգերուն վրայ:

Եթէ ճիշդ են Ամերիկեան հարցախոյզի տուեալները, ապա իշխանութիւնները ներկայիս ունին Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան համաձայնութիւնը` շարունակելու սկսուած գործընթացը: Այսուհանդերձ, բանակցութիւններու որեւէ մէկ հանգրուանին Անգարա կրնայ վերադառնալ իր նախկին նախապայմաններուն` պահանջելով  Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւի դադրեցումը եւ կամ «Զանգեզուրի միջանցքի» ատրպէյճանական պահանջը բերել սեղանին: Նման հարցեր ծագելու պարագային հանրային կարծիքը անմիջապէս կրնայ ենթարկուիլ փոփոխութեան եւ այսօրուայ 70 տոկոս համաձայնութիւնը կրնայ  շատ արագ փոշիանալ:

Վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական գրեթէ բոլոր պետութիւններուն ու կառոյցներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն դարձած է իրողութիւն եւ Թուրքիան պէտք է հաշտուի այն իրականութեան հետ, որ նման պահանջ կորսնցուցած է իր իմաստ, իսկ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն չի կրնար ընդունիլ նման մօտեցում: Միջանցքի հարցը եւս կը մնայ Հայկական կողմին համար անընդունելի եւ կողմերը պէտք է կեդրոնանան ճանապարհներու եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներու ապաշրջափակման հարցերուն վրայ:

Հարցախոյզի կարեւոր տուեալներէն մէկը կը հանդիսանայ «ճիշդ ուղղութեան-սխալ ուղղութեան» վերաբերող հարցումը: Ներկայիս դրութեամբ Հայաստանցիներուն միայն 34 տոկոսը արտայայտած է այն կարծիքը, որ երկիրը կը գտնուի ճիշդ ուղղութեան վրայ, մինչ 46 տոկոսը հակառակ կարծիքը ունի: Այս տուեալները գրեթէ շրջուած են` բաղդատած անցեալ Յուլիսի եւ Մայիսի հարցախոյզներու արդիւնքներու հետ, երբ ժողովուրդի 40 տոկոսէն աւելին կը կարծէր որ երկիրը կ°ընթանայ ճիշդ ուղիով:

Հոս պէտք է արձանագրել որ, աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ բնակչութեան մեծ մասի մօտ կայ յոռետեսութիւն ապագայի նկատմամբ: Այս երեւոյթի գլխաւոր պատճառը կը կայանայ համաճարակի ստեղծած դժուարութիւններուն եւ համաշխարհային երեւոյթի վերածուած սղաճի կամ գնաճի հետ, որ կը հարուածէ բոլորի գրպանին ու տնտեսական հետեւանքներ կը յառաջացնէ շատերու համար: Հայաստանի պարագային, այս պատճառներուն վրայ կու գայ աւելնալու ժողովուրդին վրայ պատերազմի թողած ազդեցութիւնը եւ սահմաններու վրայ տիրող անկայուն վիճակը:

Երկիրը սխալ ուղղութեան վրայ տեսնողներու պարագային միշտ կը յառաջանայ այն մտավախութիւնը, որ  կրնան աւելնալ արտագաղթի ծաւալները, թէեւ վերջին տուեալներու համաձայն, 2021 թուականի աւարտին Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը մնացած է գրեթէ անփոփոխ, սակայն համաճարակի աւարտէն ետք, երբ ճամբորդութիւնը դառնայ աւելի ազատ եւ մատչելի, մարդիկ կրնան իրենց ապագան փնտռել այլ երկնակամարներու տակ:

Հարցախոյզի պարզած պատկերը պէտք է մտահոգուելու պատճառ հանդիսանայ իշխանութիւններուն համար: Ճիշդ է որ, անցեալ  Յունիսին ընտրութիւններուն մասնակցողներու մեծամասնութիւնը իր ձայնը տուաւ իշխող ուժին, սակայն ըստ երեւոյթին ներկայիս կայ որոշ յուսալքում: Ժողովուրդի տրամադրութեան վրայ մեծապէս կրնայ ազդել վարչապետ Փաշինեանը,  նախկինի նման այցելութիւններ կատարելով երկրի տարբեր շրջաններ եւ «Ֆեսպուքեանՙ ուղղիղ ելոյթներու միջոցաւ ներկայացնելով կառավարութեան վարած քաղաքակնութիւնը եւ իրագործումները:  Ժողովուրդը պէտք ունի աւելի յաճախ լսելու իր ղեկավարէն:

Գ. Խոտանեան
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment