Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Կրկին Քննարկած Են Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Կրկին Քննարկած Են Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյցի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, խօսած են «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման, նաեւ լրացուցիչ քայլերու մասին, որոնք Միացեալ Նահանգները կրնայ ձեռնարկել այդ ջանքերուն աջակցելու համար»: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

Ըստ Փրայսի` զրուցակիցները քննարկած են նաեւ «ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ամուր երկկողմ յարաբերութիւններ պահպանելու հնարաւորութիւնները», «ՆԱԹՕ-ի հետագայ համակարգման եւ միասնութեան ուղիները` կապուած Ռուսաստանի կողմէ հետագայ մագլցողական քայլերուն եւ Ուքրանիոյ դէմ յարձակման սպառնալիքին հետ»:

Յունուարի սկիզբը ԱՄՆ պետական քարտուղարը եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը քննարկած էին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մեկնարկը, գործընթացին թէ՛ նախորդ եւ թէ՛ այս ամիս կայացած հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցով խորհրդականը եւ Թուրքիոյ նախագահին խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment