Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Իր Ջանքերը՝ Ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման․ Արարատ Միրզոյեան

Հայաստան Պիտի Շարունակէ Իր Ջանքերը՝ Ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման․ Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

«Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն շարունակում է իրականացնել բոլոր այն քայլերը, որոնց վերաբերեալ յանձնառութիւն է ստացել կառավարութեան ծրագրով: Այդ ծրագրում յստակ արձանագրուած է, որ ՀՀ-ն շարունակելու է իր ջանքերը` ուղղուած ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, այնպէս էլ ընդհանրապէս աշխարհում մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութեան հետագայ դրսեւորումների կանխմանը», ԱԺ-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսաւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Ըստ անոր` որպէս ապացոյց կրնայ ըսել ՀՀ վերջին նախաձեռնութիւնը` Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին մէջ հերթական անգամ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման բանաձեւի շրջանառութեան վերաբերեալ: Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը հարցուց․ «Կարեւորագոյն փաստաթղթերից մէկը Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնն է, որտեղ սեւով սպիտակի վրայ գրուած է հետեւեալը: Հայ ժողովրդի ազգային նպատակներն են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, հետեւանքների յաղթահարումը եւ վերացումը: ՀՀ կառավարութիւնը շարունակո՞ւմ է այս նպատակները պահպանել, թէ՞ ոչ: Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան այս ձեւակերպումը շարունակո՞ւմ է պահպանուել, թէ՞ ոչ: Դուք որպէս պատմաբան քաջ գիտէք, որ այս ձեւակերպումը նաեւ Հայ Դատի կարեւոր ուղղութիւններից մէկն է` պետական քաղաքականութեամբ որդեգրմամբ»:

Արարատ Միրզոյեան ի պատասխան ըսաւ․ «Ես առաւել քան սպառիչ պատասխանեցի ձեր հարցին: Ինչպէս կարող էք տեսնել կառավարութեան ծրագրում, մենք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը դիտարկում ենք տարածաշրջանային անվտանգութեան շրջագիծին մէջ` իբրեւ յաւելեալ երաշխիք ենք նաեւ ՀՀ եւ հայ ժողովրդի համար»:

Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ:

«Այո՛, պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել յաջորդ հանդիպումը կազմակերպել Վիեննայում, եւ մենք յոյս ունենք, որ այս անգամ արդէն առարկայական քննարկումներ կը սկսուեն երկու յատուկ ներկայացուցիչների միջեւ: Քննարկումներ` ուղղուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացմանը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանը: Ուզում եմ մէկ անգամ էլ կրկնել` պաշտօնական Անգարայից այս մասին եկող ազդակները, ուղերձները, ակնարկները առաւելապէս դրական բնագիրի մէջ են: Եւ մեր ակնկալիքներն էլ այդպիսին են», ըսաւ Միրզոյեանը:

Արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձաւ նաեւ տեղեկութեան, թէ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է մասնակցի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք դիւանագիտական համաժողովին: «Ուզում եմ մէկ անգամ եւս հաստատել` ՀՀ վարչապետի` Անթալիայի միջոցառման մասնակցութեան հարցը չի քննարկուել եւ չի քննարկւում: Որոշակի սխալ թարգմանութեան շփոթի հետեւանք է սա: Հրաւէր ուղարկուել է իմ եւ Ռուբէն Ռուբինեանի անունով: Որոշում իսկապէս չկայ, եւ որոշումը մեծապէս կախուած կը լինի նաեւ Փետրուարի 24-ին կայանալիք Վիեննայի հանդիպման արդիւնքներից», ըսաւ Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment