Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պապիկեան Այցելած Է ՀՀ Զինուած Ուժերու Հարաւային Զօրամասեր Ու Մարտական Յենակէտեր

Պապիկեան Այցելած Է ՀՀ Զինուած Ուժերու Հարաւային Զօրամասեր Ու Մարտական Յենակէտեր

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Հայաստանի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած շարք մը զօրամասեր, հետեւած է վերանորոգման եւ կառուցապատման ընթացող աշխատանքներուն:

Ինչպէս Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը հաղորդէ, զօրամասերու հրամանատարական կազմին հետ հանդիպումներուն ընթացքին Պապիկեան առանձնայատուկ կարեւորած է զինուորներու գիտելիքներուն եւ մարտունակութեան մակարդակի կտրուկ բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը եղած է նաեւ մարտական յենակէտերու մէջ, ծանօթացած է ընթացող ամրաշինական աշխատանքներուն, կենցաղային պայմաններուն եւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի բարոյահոգեբանական վիճակին, տուած է յանձնարարականներ եւ ցուցումներ` խնդիրները սեղմ ժամկէտերու մէջ վերացնելու վերաբերեալ:

Նախարարը այցելած է նաեւ Զանգեզուրի կայազօրային հիւանդանոց, ինչպէս նաեւ զրուցած է հիւանդանոցին մէջ ապաքինուող զինուորներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment