Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հնարաւոր է Միրզոյեանը եւ Ռուբինեանը Մասնակցին Անթալիոյ Դիւանագիտական Համաժողովին․ Չաւուշօղլու

Հնարաւոր է Միրզոյեանը եւ Ռուբինեանը Մասնակցին Անթալիոյ Դիւանագիտական Համաժողովին․ Չաւուշօղլու

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ ՀՀ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը հնարաւոր է մասնակցին Մարտ 11-13-ին Անթալիոյ մէջ կայանալիք դիւանագիտական համաժողովին, այդ մասին խօսած է նաեւ Հայաստանի ղեկավարը, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

«Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին հրաւիրած ենք Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ հրաւիրեալները կրնայ ըլլալ որ մասնակցին համաժողովին: Գոհ կ’ըլլանք: Քանի որ Ատրպէյճանն ալ պիտի մասնակցի: Այս հարթակին մէջ թող Ատրպէյճանն ալ իր միտքերը յայտնէ, Հայաստանն ալ: Ըստ էութեան, այս պիտի ըլլայ վստահութեան բարձրացման ուղղուած քայլերուն մէկ մասը», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Մէկ շաբաթ առաջ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտնած էր, որ Հայաստանը հրաւիրուած է Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին:

Նոյն օրը Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն փոխանցեցին, որ ստացած են համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը եւ կը քննարկուի նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը միջոցառման:

Երկուշաբթի օրն ալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց` հաւանականութիւնը մեծ է, որ Հայաստանը ընդունի Անթալիոյ համաժողովին մասնակցելու Թուրքիոյ հրաւէրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment