Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Հաստատած Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի Կազմը

Վարչապետը Հաստատած Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի Կազմը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրած է Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի կազմը հաստատող որոշում:

Ըստ որոշման, ձեւաւորուած է Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդ, հաստատուած է խորհուրդի անհատական կազմը եւ անոր գործունէութեան կարգը: Խորհուրդի ձեւաւորումէն յետոյ` երկամսեայ ժամկէտի մէջ կը ձեւաւորուի Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողով:

Խորհուրդի նախագահ նշանակուած է արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանը: Խորհուրդի անհատական կազմին մէջ ընդգրկուած են` Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչը, Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական յանձնաժողովի նախագահը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ Վիգէն Քոչարեանը, ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութենէն Մասիս Մելքոնեանը, «Հելսինքեան քաղաքացիական վեհաժողովի Վանաձորի գրասենեակ» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արթուր Սաքունցը, «Իրաւունքի Եւրոպա» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Եկորեանը եւ «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորում» հասարակական կազմակերպութենէն Դանիէլ Իոաննիսեանը:

Որոշման մէջ նաեւ նշուած է. «Մինչեւ 2022 թուականի Դեկտեմբերի 28-ը հաստատել յանձնաժողովի կողմից մշակուած սահմանադրական բարեփոխումների հայեցակարգի նախագիծը եւ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմ: Մինչեւ 2023 թուականի Յունիսի 30-ը հաստատել յանձնաժողովի կողմից մշակուած` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւնների նախագիծը եւ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment