Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽԽՎ Զեկոյց. Հայաստանը Նշանակալի Յառաջընթաց Ունեցած Է Ժողովրդավարութեան Զարգացման Գործին Մէջ

ԵԽԽՎ Զեկոյց. Հայաստանը Նշանակալի Յառաջընթաց Ունեցած Է Ժողովրդավարութեան Զարգացման Գործին Մէջ

by MassisPost

Հայաստանը նշանակալի յառաջընթաց ունեցած է ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ 2018-էն սկսեալ, միեւնոյն ժամանակ երկիրը բախած է շարք մը իրադարձութիւններու, որոնք լուրջ ազդեցութիւն թողած են անոր հիմնարկներու գործունէութեան վրայ, նշուած է Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի դատին ներկայացուելիք փաստաթուղթին մէջ:

Ֆինլանտան ու Շուէտը ներկայացնող պատգամաւորներ Քիմմօ Քիլիւնենի եւ Պորիանա Ապերկի պատգամաւորներուն հեղինակած` «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութիւնը» անուամբ բանաձեւին նախագիծը եւ կից զեկոյցը կը փաստէ` Հայաստանը յաջողութեամբ դուրս եկաւ քաղաքական լուրջ ճգնաժամէն, որ սկիզբ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով:

«Ճգնաժամը հանգուցալուծուեցաւ 2021-ի Յունիսին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու միջոցով, որոնք կազմակերպուած էին ժողովրդավարական եղանակով` չնայած լրջօրէն բեւեռացուած միջավայրին», ըսուած է բանաձեւի նախագիծին մէջ:

2018 թուականի Դեկտեմբերի եւ 2021-ի Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ըսուած է, որ անոնք զերծ էին այն խախտումներէն, որոնք առկայ էին նախապէս տեղի ունեցած բազմաթիւ ընտրութիւններուն ժամանակ: Անցեալ տարուայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ նախագիծին մէջ գոհունակութիւն արտայայտուած է, որ հայաստանեան ընդդիմութիւնը ընդունեց արդիւնքները իրաւական ճանապարհով զանոնք վիճարկելէ յետոյ եւ չպոյքոթեց խորհրդարանի աշխատանքը:

Միաժամանակ, ԵԽԽՎ-ն իր ափսոսանքը կը յայտնէ այն քաղաքական մթնոլորտին վերաբերեալ, որուն ներքոյ կայացան 2021-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները` ծայրայեղ բեւեռացուածութիւն եւ ընտրութիւններու հիմնական մասնակիցներուն միջեւ սուր հռետորաբանութիւն: ԵԽԽՎ-ն կոչ կ’ընէ հայաստանեան քաղաքական ուժերուն՝ փոխելու նման քաղաքական մշակոյթը:

Փաստաթուղթով ԵԽԽՎ-ն կոչ կ’ընէ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ աւարտին հասցնելու ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումները` համաձայն Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի առաջարկութիւններուն: Մասնաւորապէս` յստակ իրաւական սահմանում ապահովել նախընտրական ծախսերուն վերաբերեալ, վերացնել երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձերու նկատմամբ առկայ արգելքը, որպէսզի անոնք եւս կարենան առաջադրուիլ ընտրութիւններուն ժամանակ, տուգանք սահմանել նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ զրպարտութեան համար, թոյլ տալ ընտրողներուն իրաւական ճանապարհով վիճարկել իրենց տեղամասերուն մէջ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Յաջորդ մեծ հատուածը կը վերաբերի ղարաբաղեան հակամարտութեան, որուն վերաբերեալ փաստաթուղթը կոչ կ’ընէ հասնելու «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ կայուն հանգուցալուծման` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ»:

ԵԽԽՎ բանաձեւին նախագիծը կը պահանջէ վերադարձնել հայաստանցի բոլոր ռազմագերիները` զինադադարի մասին 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտին համաձայն: Մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան մեխանիզմ հիմնել: Զերծ մնալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները սրող յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ: Հայաստանին կոչ կը կատարուի յանձնելու ականապատ դաշտերու բոլոր քարտէզները:

Մամուլի ազատութեան մասով, նշելով որ Ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ, ի պատասխան աննախադէպ ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի տարածման, Հայաստանի իշխանութիւնները մեծցուցին վիրաւորանքի ու զրպարտութեան համար տուգանքի չափը, ինչպէս նաեւ քրէականացուցին պետական պաշտօնեաներուն ծանր վիրաւորանք հասցնելը, ԵԽԽՎ-ն կը կրկնէ իր դիրքորոշումը, որ զրպարտութիւնը պէտք չէ քրէականացուի, եւ պաշտօնական Երեւանին կոչ կ’ընէ համոզուելու, որ խօսքի ազատութեան ու անձի արժանապատուութեան պաշտպանութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment