Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Զինուած Ուժերը Համալրուած է Ժամանակակից, Բազմագործօն Նոր Ուղղաթիռներով

ՀՀ Զինուած Ուժերը Համալրուած է Ժամանակակից, Բազմագործօն Նոր Ուղղաթիռներով

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ Հայաստանի բանակը ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ զինուորական սարքերով զինելու հարցով օժանդակելու ամբողջական ծրագրեր կան: Այս մասին Երեւան-Մոսկուա տեսաժողովի ժամանակ ըսած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան:

Պորտիւժայի խօսքով` ծրագրին էութիւնը այն է, որ կազմակերպութեան պետութիւնները միաժամանակ իրենց զինուած ուժերը եւ ուժային այլ կառոյցներ համալրեն նոյնանման զէնքերով, նոյն մակարդակի համակարգերով:

ՀԱՊԿ-ի նախկին ղեկավարը յիշեցուցած է, որ այդ գնումը կ’իրականացուի արտօնեալ գիներով. ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ համաձայնութիւն կայ դաշնակիցներուն զէնք վաճառելու արտօնեալ ընթացակարգի մասին, իսկ Ռուսաստանը, փաստաթուղթի շրջանակին մէջ, դաշնակիցներուն ներքին գիներով կը վաճառէ ամենաժամանակակից զինատեսակները:

new helicopters-2

Միւս կողմէ կը հաղորդուի որ, ՀՀ զինուած ուժերու օդային ուժը համալրուած է ժամանակակից, բազմագործօն նոր ուղղաթիռներով, որոնք նախատեսուած են կրակային, ճանապարհային եւ առողջական խնդիրներ կատարելու համար:

Ռազմական նոր օդագնացութեան սարքերու ընդունման կապակցութեամբ, Յունուար 25-ին, «էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր միջոցառում, որուն ներկայ գտնուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեանը:

Բանակի կազմաւորման տարեդարձին ընդառաջ, շնորհաւորելով անձնակազմը, զօրամասի հրամանատարութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ օդային սահմաններու պաշտպանները պատրաստ են կատարելու առաջադրուած խնդիրները եւ անսասան պահելու երկրին օդային դարպասները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment