Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանը, Նախկին Նախարարներ Հարցաքննուած Են Մեղրիի Երկաթագիծի Յափշտակման Գործով

Սերժ Սարգսեանը, Նախկին Նախարարներ Հարցաքննուած Են Մեղրիի Երկաթագիծի Յափշտակման Գործով

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահը, պաշտպանութեան նախկին նախարարներ, ինչպէս նաեւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին պաշտօնատար անձեր հարցաքննուած են Մեղրի-Կապան երկաթագիծի մէկ հատուածին մէջ յափշտակութեան գործով:

«Քրէական գործի քննութեան ընթացքում հարցաքննուել են ՀՀ երրորդ նախագահը, պաշտպանութեան նախկին նախարարները եւ նախարարների նախկին տեղակալը, փոխադրամիջոցների եւ կապի նախկին նախարարն ու վերջինիս նախկին տեղակալը, ինչպէս նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին պաշտօնատար անձինք. նախաքննութեան այս փուլում որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած անձինք չկան», կը նշեն ՀՀ Քննչական Կոմիտէէն:

Կը յայտուի նաեւ, որ քննութեան առարկայ հանդիսացած եւ հաշուի առնուած է նաեւ երկաթագիծի քանդման աշխատանքներուն մէջ ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու մասնակցութեան հանգամանքը:

«Քննուող քրէական գործի նախաքննութիւնը շարունակւում է` Մեղրի-Կապան 46,7 քմ երկարութեամբ երկաթգծի մի հատուածում յափշտակութիւն կատարած անձանց բացայայտելու ուղղութեամբ», կ’ամփոփէ ՀՀ Քննչական Կոմիտէն:

2017-ի Օգոստոսին «Սիվիլնեթ»ը երկաթագիծի թալանին վերաբերեալ հրապարակում կատարեց, որմէ յետոյ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան դիմեց գլխաւոր դատախազին, յարուցուեցաւ քրէական գործ:

2021-ի Յունուար 11-ին Մոսկուայի մրջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները որոշեցին սկիզբ դնել ապաշրջափակման գործընթացին: Մէկ տարուայ ընթացքին բանակցութիւնները հասան այն փուլին, որ հարկաւոր է նախ եւ առաջ շահագործել երկաթագիծը:

Մեղրիի երկաթագիծի վերականգնումը, նախնական գնահատականով, պիտի արժէ 200 միլիոն տոլար ու պիտի տեւէ երեք տարի: Ատրպէյճանը, իր հերթին, այս տարուան սկիզբը սկսած է Հորատիզ-Մեղրի երկաթուղիի վերականգնումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment