2022 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը շուրջ 144 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Արցախին. այսօր կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ այդ քննարկման ընթացքին Փաշինեան նկատած է` իրադրութիւնը համատեղ ջանքերով կրցած են որոշակի կառավարելիութեան տիրոյթի մէջ պահել, որպէսզի յետպատերազմական իրավիճակին մէջ մարդասիրական ճգնաժամեր չառաջանան:
Արդէն 300 բնակարան աւարտած է եւ յանձնուած է հիմնականին մէջ տեղահանուած զոհուածներու ընտանիքներուն եւ այն ընտանիքներուն, որոնք աւելի սուր վիճակի մէջ են, տեղեկացուցած է Արցախի ղեկավարը:
«144 միլիառ դրամի պարագայում մեզ յաջողուելու է լուծել առկայ խնդիրները եւ ոչ միայն բնակարանաշինութեան: Մենք շատ յաւակնոտ ծրագրեր ենք սկսել. կառուցւում է արդէն Պատարա-Ստեփանակերտ խողովակաշարը, որն ամբողջութեամբ լուծելու է ոչ միայն Ստեփանակերտի որակեալ խմելու ջրի հարցը, այլ նաեւ այդ կառուցուող բնակավայրերի, որոնց մի մասը գտնւում է Ստեփանակերտի յարակից տարածքներում», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը: