Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրաժարական Կը Ներկայացնէ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրաժարական Կը Ներկայացնէ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան որոշած է հրաժարական տալ իր պաշտօնէն, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:

«Ես շատ երկար եմ մտածել եւ որոշել եմ մօտ չորս տարի ակտիւ աշխատելուց յետոյ հրաժարական տալ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնից: Այդ որոշումը բացարձակապէս էմոցիոնալ չէ եւ բխում է որոշակի տրամաբանութիւնից», – յայտարարած է Արմէն Սարգսեան:

Ան կը յայտնէ, որ նախագահը չունի անհրաժեշտ գործիքներ` երկրի եւ ազգի համար ներկայիս բարդ ժամանակներուն ազդելու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան արմատական գործընթացներուն վրայ:

«Մեր պետութեան համար այս բարդ փուլում, երբ անհրաժեշտ է համազգային միասնութիւն, նախագահական ինստիտուտը չպէտք է դառնայ բամբասանքների ու դաւադրութեան տեսութիւնների թիրախ` դրանով իսկ շեղելով հասարակութեան ուշադրութիւնը կարեւորագոյն խնդիրներից», – կը նշէ Արմէն Սարգսեան:

«Կարող է հարց առաջանալ, թէ ինչու հրաժարական չտուեց 2018-ի գարնանը` յեղափոխութիւնից յետոյ: Պատասխանն ակնյայտ է` այն պատասխանատուութեան պատճառով, որը ես վերցրել էի ինձ վրայ` ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Ես պարտաւոր էի անել ինձնից կախուած ամէն ինչ` բացառելու ներքին պառակտման յետագայ խորացումը, հնարաւոր բախումները, որոնք կարող էին յանգեցնել չափազանց բացասական հետեւանքների: Ես նաեւ ձգտում էի իմ երկարամեայ աշխատանքի շնորհիւ ձեռք բերած հեղինակութիւնը, կապերը եւ իմ միջազգային քաղաքական ու տնտեսական ներուժը ծառայեցնել ուժեղ եւ կայուն պետականութեան կառուցմանը», -կը բացատրէ նախագահը:

Ան կը պնդէ որ, չէ կարողացած ազդել այն քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք երկիրը հասցուցած են ներկայիս ճգնաժամին, քանի որ համապատասխան գործիքներու պակաս կայ:

Արմէն Սարգսեան կ’ըսէ  որ, ինք առաջարկած է ոչ թէ կառավարման մէկ ձեւէն միւսին անցնիլ, այլ` զսպումներու եւ հակակշիռներու վրայ հիմնուած պետական համակարգ ստեղծելը:

Արմէն Սարգսեան գոհունակութեամբ  կ’արձանագրէ, որ ստեղծուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողով եւ յոյս կը յայտնէ, որ ի վերջոյ, սահմանադրական փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան եւ յաջորդ նախագահն ու նախագահական ինստիտուտը կը կարողանան աշխատիլ աւելի հաւասարակշռուած եւ համակարգուած միջավայրի մէջ:

Նախագահը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ իր անձին նկատմամբ եղած բամբասանքներուն նկատմամբ։ «Պետութեան գլուխը եւ երբեմն նաեւ նրա ընտանիքը թիրախաւորւում են տարբեր քաղաքական խմբաւորումների կողմից: Վերջիններս այնքան էլ հետաքրքրուած չեն նախագահական ինստիտուտի կողմից ի շահ երկրի իրականացուած ձեռքբերումներով, որքան իմ անցեալով, դաւադրութեան զանազան տեսութիւններով ու միֆերով: Իմ անձի հանդէպ այդ մտահոգուածութիւնը դուրս է գալիս նաեւ բարոյականութեան սահմաններից` վերջնական արդիւնքում ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեան վրայ», – իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ ան:

Արմէն Սարգսեան նախագահի պաշտօնին ընտրուած էր Ազգային Ժողովին կողմէ 2018-ի Մարտի 2-ին,  Ապրիլի 9-ին ստանձնելով իր պաշտօնը, երբ սկսաւ գործել նոր Սահմանադրութիւնը:

Սահմանադրութեան համաձայն` հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պարագային նախագահի լիազօրութիւնները, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը, կը փոխանցուին Ազգային Ժողովի նախագահին: Նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէ ոչ շուտ, քան քսանհինգ, եւ ոչ ուշ, քան երեսունհինգ օր ետք տեղի կ՛ունենայ  նախագահի արտահերթ ընտրութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment