Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Եթէ Մերժէ, Պիտի Շարունակենք Աշխատիլ Դիւանագիտական Միջոցներով. Արմէն Գրիգորեան

Պաքուն Եթէ Մերժէ, Պիտի Շարունակենք Աշխատիլ Դիւանագիտական Միջոցներով. Արմէն Գրիգորեան

by MassisPost

Հայաստան պիտի շարունակէ դիւանագիտական միջոցներով աշխատիլ խնդիրի լուծման ուղղութեամբ: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսպէս արձագանգեց «Ազատութեան» հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ձեռնարկէ պաշտօնական Երեւանը, եթէ Պաքուն մերժէ սահմանագօտիին մէջ իրավիճակի կարգաւորման Հայաստանի առաջարկները:

Միեւնոյն ժամանակ, Գրիգորեան ընդգծեց` Երեւանը գրաւոր ներկայացուցած է առաջարկները եւ կ’ակնկալէ գրաւոր արձագանգ. «Պէտք է շարունակել դիւանագիտական եւ քաղաքական միջոցներով փորձել խնդրին լուծում գտնել»:

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ճէյհուն Պայրամով յայտնած է, որ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները՝ սահմանազատումը սկսելու համար:

ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Պայրամով միաժամանակ նշած է, որ սահմանազատումը յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւոր բաղադրիչ է, եւ Պաքուն հանդէս կու գայ զայն անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու սկսելու օգտին:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարին արձագանգեց Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը` յայտնելով, որ հայկական կողմը սահմանազատման հարցով նախապայմաններ չունի:

Խօսքը, ըստ Յունանեանի, պայմանաւորուածութիւնները իրագործելու մասին է. «Զօրքերի ետքաշման գործընթաց սկսելու մասին պայմանաւորուածութիւն է ձեռքբերուել Դեկտեմբերի 14-ին Եւրոպական խորհրդի նախագահի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարների` Պրիւսէլում տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքում: Ըստ այդմ, հայկական կողմի առաջարկները ոչ թէ նախապայմանների, այլ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու մասին են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարծում է, որ օր առաջ պէտք է սկսել սահմանազատման գործընթացը` համաձայն վերը նշուած պայմանաւորուածութիւնների»:

Նախօրէին Ազգային ժողովին մէջ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը որոշ մանրամասնութիւններ բացայայտեց, թէ Երեւանը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիին մէջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած առաջարկներ ներկայացուցած է ռուսական եւ անոնց միջնորդութեամբ` նաեւ ատրպէյճանական կողմին: Անոնց մասին առաջին անգամ բարձրաձայնած էր Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով մօտ մէկ շաբաթ առաջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment