Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սեւան Նշանեան Ստիպուած Եղած Է Հեռանալ Յունաստանէն Եւ Կը Ծրագրէ Հայաստան Երթալ

Սեւան Նշանեան Ստիպուած Եղած Է Հեռանալ Յունաստանէն Եւ Կը Ծրագրէ Հայաստան Երթալ

by MassisPost

Պոլսահայ յայտնի լեզուաբան, հրապարակախօս Սեւան Նշանեան ստիպուած եղած է հեռանալ Յունաստանէն: Ան յայտնած է, որ մեկնած է Փարիզ եւ կը ծրագրէ այնուհետեւ երթալ Հայաստան ու որոշ ժամանակ այնտեղ մնալ:

2017 թուականի ամրան թրքական բանտէն փախուստի դիմած եւ դրացի Յունաստանի մէջ ապաստանած Նշանեանին յունական իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ երկրէն հեռանալու համար 15 օր ժամանակ տուած էին, կացութեան իրաւունք չունենալու պատճառով:

Դեկտեմբերի վերջաւորութեան տեղական իշխանութիւնները չէին երկարաձգած Նշանեանի կացութեան իրաւունքը, իսկ յաջորդ օրը ան ձերբակալուած էր` Յունաստանի մէջ արդէն անօրինական ձեւով գտնուելու պատճառաբանութեամբ:

Նշանեանն ու անոր փաստաբանները այդ որոշումը ապօրինի կը համարեն, քանի որ ան ամուսնացած է Յունաստանի քաղաքացիի հետ եւ երկրին մէջ մնալու օրինական հիմք ունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment