Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի Նախագահի Պաշտօնին Յաւակնող Գործիչ՝ Փեքրես Ժամանած Է Հայաստան

Ֆրանսայի Նախագահի Պաշտօնին Յաւակնող Գործիչ՝ Փեքրես Ժամանած Է Հայաստան

by MassisPost

Ընդամէնը հինգ ամիսէն՝ 2022-ի Ապրիլին Ֆրանսա կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ առաջատար թեկնածուները կը շարունակեն այցելել Հայաստան։ Նախօրէին Երեւան ժամանեց գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ երկրորդ փուլ անցնելու ամենամեծ առիթը ունեցող գործիչ՝ աջ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Վալերի Փեքրես։

Իլ-տէ-Ֆրանս շրջանի ղեկավար, 54-ամեայ Փեքրեսը Երեւան ընդունած են նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը: Նախագահի թեկնածուն այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր։

Վալերի Փեքրեսի Երեւանի մէջ ըրած  յայտարարութիւններէն դատելով` հայաստանցի պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններու հիմնական թեմաներէն մէկը ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմն էր։

«Բնական է, որ մենք խօսեցանք 2020 թուականի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն տեղի ունեցած պատերազմի մասին։ Ես յայտնեցի ֆրանսացիներու ցուցաբերած համերաշխութեան մասին», – յայտարարած է թեկնածուն։

Փեքրեսի երեւանեան յայտարարութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ ան ընդհանուր առմամբ բաւական քաջատեղեակ է 44-օրեայ պատերազմի մանրամասնութիւններէն եւ գոնէ այս հարցով ընդդիմադիր գործիչի մօտեցումները Էլիզէի պալատի տեսակէտներէն քիչ կը տարբերին։

«Մենք գիտենք, եւ այդ մասին յայտարարած է նաեւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը, որ հակամարտութեան, յարձակողականի պատասխանատուութիւնը ակնյայտօրեն կը կրեն Ատրպէյճանը եւ անոր թուրք դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ շարք մը սուրիացի ճիհատիստներ», – – ըսած է Վալերի Փեքրես։

Ընտրուելու պարագային Փեքրես խոստացած է նաեւ աշխուժացնել Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հարաւային Կոսվկասի մէջ։

«Առաջիկայ հինգ տարիներուն ես կ’ընեմ հնարաւորը, որպէսզի Ֆրանսան եւ Եւրոպան ընդհանրապէս աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուին Կովկասի խաղաղութեան հաստատման վերաբերող հարցերու լուծման։ Մեր անվտանգութիւնը նաեւ Հայաստանի հետ շաղկապուած է», – նշած է Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն։

Աւելցնենք, որ Վալերի Փեքրեսին Երեւան ուղեկցած է բաւական պատկառելի պատուիրակութիւն, որու  կազմին մէջն են, մասնաւորաբար, ամենափորձառու ֆրանսացի քաղաքական գործիչներէն մէկը՝ «Պրեքզիթի» հարցով ԵՄ-ի նախկին գլխաւոր բանագնաց Միշէլ Պարնյեն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական Ծերակուտականի հանրապետականներու խմբակցութեան ղեկավար՝ Պրունօ Ռետայօն։

Հայաստանի հանդէպ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու նման հետաքրքրութիւնը պատահական չէ։ Բացի այն հանգամանքէն, որ Ֆրանսա բաւական մեծ հայկական համայնք գոյութիւն ունի, Հայաստանի շուրջ ծաւալուող տարածաշրջանային զարգացումները բաւական լաւ կը տեղաւորուին ֆրանսացի աջերու նախընտրական մարտավարութեան տրամաբանութեան մէջ։ Ինչպէս եւ երեք շաբաթ առաջ Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի նախագահի մէկ այլ յաւակնորդի, ծայրայեղ աջ՝ Էրիք Զեմուրի պարագային, չափաւոր աջ՝ Փեքրեսի նախընտրական քարոզչութեան հիմնական դրոյթներէն մէկը՝ Փարիզը որպէս արեւելքի քրիստոնեաներու գլխաւոր պաշտպան ներկայացնելն է։

Ի տարբերութիւն Զեմուրի` սակայն, Փեքրեսի՝ Էլիզէի պալատ յայտնուելու հաւանականութիւնը անհամեմատ աւելի մեծ է։ Դեկտեմբեր 17-էն 20-ին Ֆրանսայի ողջ տարածքը կայացած հարցման համաձայն` եթէ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը կայանար առաջիկայ կիրակի, ապա գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի օգտին կը քուէարկէր ընտրողներու 51, իսկ Փեքրեսի օգտին` 49 տոկոսը։

Համեմատութեան համար կը նշուի, որ ազգայնականներու առաջնորդ՝ Մարին Լը Փենը այսօրուայ դրութեամբ, ըստ ֆրանսացի ընկերաբաններուն, երկրորդ փուլին կրնայ ստանալ առաւելագոյնը 43, իսկ ծայրայեղ աջ հայեացքներով յայտնի Էրիք Զեմուրը՝ 33 տոկոս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment