Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան եւ Օվերչուքը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Փոխադրային Հաղորդակցութիւններու Վերականգնման Հեռանկարները

Փաշինեան եւ Օվերչուքը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Փոխադրային Հաղորդակցութիւններու Վերականգնման Հեռանկարները

by MassisPost

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 22-ին, վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ ՌԴ փոխվարչապետ, եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահ՝ Ալեքսէյ Օվերչուք, Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, մտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի փոխադրային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներու եւ Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան շուրջ:

Հայաստանի կառավարութեան լրատուականի հաղորդմամբ՝ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին եւ տնտեսական կապերուն վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են 2021-ին երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն ու գոհունակութեամբ նշած այդ ուղղութեամբ աճի արձանագրումը: Երկուստեք կարեւորուած է առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային փոխգործակցութեան զարգացման եւ ոլորտին մէջ առկայ ներուժի լիարժէք իրացման ուղղութեամբ համալիր ջանքերու գործադրումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment