Կալանաւորուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպաներ, յայտնած է Քննչական կոմիտէն։
Ըստ հաղորդագրութեան, նախարարութեան N զօրամասի թիկունքի պետ-հրամանատարի թիկունքի եւ համայնքային շահագործման ծառայութեան գծով տեղակալ, գնդապետ Ա.Կ.-ը 2021-ի Յուլիսին, նոյն զօրամասի իրային ծառայութեան պետ, փոխգնդապետ Տ.Պ-ի հետ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է յափշտակելու նոյն զօրամասի հաշուեկշռին մէջ գտնուող զինուորական նշանակութեան N տեսակի 6 հատ չօգտագործուած վրանները։
Այդ նպատակով, ըստ կոմիտէին, Ա.Կ.-ն եւ Տ.Պ.-ն յիշեալ 6 վրանները հաշուառած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով անվերադարձ կորսուած, արհեստականօրէն առաջացուցած են տուեալ ապրանքներու աւելցուկ՝ այդ եղանակով յափշտակելով ընդհանուր 6 միլիոն 726 հազար դրամ արժողութեամբ վերոնշեալ վրանները։
Այնուհետեւ, ըստ Քննչական կոմիտէին, Ա.Կ.-ն եւ Տ.Պ.-ն յանցաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերած են յափշտակուած վրանները Պաշտպանութեան նախարարութեան վաճառելու վերաբերեալ եւ Ա.Կ.-ն իր հերթին նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի թիկունքի վարչութեան իրային ծառայութեան պետ, գնդապետ Ա.Թ.-ի հետ։