Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Յանձնառու է Նպաստելու Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Համաշխարհային Առաքելութեան. Փաշինեան

Հայաստան Յանձնառու է Նպաստելու Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Համաշխարհային Առաքելութեան. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ելոյթ ունեցաւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած «Յանուն ժողովրդավարութեան» առցանց համաժողովին։

Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան նշեց, որ ժողովրդավարութեան համար Հայաստան պայքարած է իր ժամանակակից պատմութեան ամբողջ ընթացքին, իսկ մասնաւորապէս վերջին 3 տարիներուն հայերը ընտրած են ժողովրդավարութիւնը մենատիրութեան փոխարէն 2 անգամ։

Ըստ Փաշինեանի՝ Հայաստան յանձնառու է ժողովրդավարութեան ամրապնդման՝ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հզօրացման միջոցով:

«Յառաջ բերելով թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը՝ մենք կը ծրագրենք կառավարման բարեփոխումներ եւ այնպիսի քաղաքականութիւններու իրականացում, որոնք պիտի ձեւաւորեն հաւատք ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ արտերկրի մեր գործընկերներուն մօտ», նշեց Փաշինեան աւելցնելով, որ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու ջանքերուն մէջ կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ ամենամեծը՝ անվտանգութեան սպառնացող ռազմական բնոյթի սպառնալիքներն են։

<center<

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment