Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Թուրքիան Յատուկ Բանագնացներ Պիտի Նշանակեն . Յայտարարած է Չաւուշօղլուն

Հայաստան եւ Թուրքիան Յատուկ Բանագնացներ Պիտի Նշանակեն . Յայտարարած է Չաւուշօղլուն

by MassisPost

Հայաստան ու Թուրքիա յատուկ բանագնացներ կը նշանակեն, որոնք  պիտի քննարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ աւելցնելով, որ երկիրները կը վերսկսին թռիչքներ Պոլսոյ եւ Երեւանի միջեւ, յայտնած է Reuters-ը։

Ելոյթ ունենալով խորհրդարանէն ներս արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի քննարկման ժամանակ՝ Չաւուշօղլուն ըսած է, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը համակարգէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment