Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամբողջ Զինանոց Մը Յայտնաբերուած․ Ոստիկանութիւն

Ամբողջ Զինանոց Մը Յայտնաբերուած․ Ոստիկանութիւն

by MassisPost

Ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժնի ծառայողները օփերաթիւ-հետախուզական ծաւալուն միջոցառումներու շնորհիւ հաւաստի տեղեկութիւն ձեռք բերին, որ Այգեշատ գիւղի բնակիչ, 19-ամեայ երիտասարդ մը ինքնաշարժին մէջ հրազէն կը պահէ։

Այս մասին յայտնած են ոստիկանութենէն։

Դեկտեմբեր 10-ին ան յայտնաբերուեցաւ ու ինքնաշարժով հանդերձ, բերման ենթարկուեցաւ բաժին։ Զննութեամբ ինքնաշարժի բեռնախցիկը յայտնաբերուեցաւ գործարանային համարով «Քալաշնիքովի» ինքնաձիգ։ Դէպքի առթիւ քրէական գործ յարուցուեցաւ։ Երիտասարդը ձերբակալուեցաւ։ Յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս խուզարկուեցան նաեւ երիտասարդի կողմէ շահագործուող միւս ինքնաշարժը ու բնակարանը, ինքնաշաժին մէջ յայտնաբերուեցան գործարանային համարով «Քալաշնիքովի» ինքնաձիգ, պայթուցիչով նռնակ, պայթուցիչներ, ինքնաձիգի պահունակներ, որոնցմէ մէկը լիցքաւորուած էր 17 փամփուշտով, տարբեր տրամաչափի եւ հրազէններու 2000-էն աւելի փամփուշտ եւ այլն։

Բնակարանի խուզարկութեամբ եւս գործարանային համարով «Քալաշնիքովի» ինքնաձիգ յայտնաբերուեցաւ, ինչպէս եւ թմբուկաւոր ատրճանակ, ինքնաձիգի պահունակներ, որոնցմէ մէկը լիցքաւորուած էր 26, միւսը՝ 30 փամփուշտով։ Օփերաթիւ-հետախուզական միջոցառումները շարունակուեցան։ Արմաւիրի ոստիկանները տեղեկութիւն ձեռք բերին, որ ինքնաշարժներուն եւ բնակարանին մէջ յայտնաբերուած զէնք-զինամթերքը 19-ամեայ երիտասարդին տուած էր Արմաւիրի մարզի Ալաշկերտ գիւղի բնակիչ, 30-ամեայ տղամարդ մը, որ Դեկտեմբեր 11-ին յայտնաբերուեցաւ եւ բերման ենթարկուեցաւ բաժին ու ձերբակալուեցաւ։

Անոր բնակարանի խուզարկութեամբ յայտնաբերուեցաւ ապօրինի պահուող գործարանային համարով հրացան։ Ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժինը յարուցուած քրէական գործը ուղարկուած է Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութիւն։ Նշանակուած է դատաձգաբանական փորձաքննութիւն։

Հանգամանքները կը պարզուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment