Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Շուտով կը Բացուի Hard Rock Cafe Yerevan-ը

Հայաստանի Մէջ Շուտով կը Բացուի Hard Rock Cafe Yerevan-ը

by MassisPost

Hard Rock-ը յայտարարած է ընկերութեան՝ Հայաստանի մէջ առաջին մասնաճիւղի բացման մասին։ Hard Rock Cafe Yerevan-ը կը բացուի 2022-ին։

Աւելի քան 2800 տարուայ պատմութիւն ունեցող Երեւանը իր հազարամեայ մշակութային եւ պատմական ժառանգութեամբ նաեւ ժամանակակից եւ առաջադէմ մայրաքաղաք է Եւրոպայի եւ Ասիոյ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին վրայ։

Hard Rock Cafe Yerevan-ը պիտի գտնուի Երեւանի պատմական եւ զբօսաշրջային կեդրոնը: Հանրապետութեան հրապարակը՝ Պատմութեան թանգարանով, Կառավարութեան շէնքով եւ բազմաթիւ հիւրանոցներով, Հիւսիսային պողոտան՝ շքեղ   խանութներով, սրճարաններով եւ ակումբներով, ընդամէնը քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ պիտի ըլլան սրճարանէն։

Hard Rock Cafe Yerevan-ը իր տեսակի մէջ առաջինն է։ Սրճարանը ունի ժամանակակից ներքին ձեւաւորում: Այն իւրօրինակ վայր է այցելուներու համար, որոնք կը ցանկան տարբերուող նկարներով հարստացնել ինստակրամեան իրենց էջը։

Hard Rock Cafe Yerevan-ը հասցէն է Պուշկին 3-1, իւրայատուկ ճարտարապետական ոճ ու պատմութիւն ունեցող շէնքին մէջ: 1000 քմ տարածք զբաղեցնող սրճարանը կրնայ միեւնոյն ժամանակ ընդունիլ 290 հիւր։

Երկյարկանի սրճարանը պիտի ունենայ փակ եւ բացօթեայ սրահներ: Առաջին յարկը գտնուող փակ սրահին մէջ տեղացի հիւրերը եւ Երեւանի այցելուները կրնան իրենց երեկոն անցընել՝ վայելելով կենդանի կատարմամբ որակեալ համերգներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment