Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կեանքէն Հեռացած է ԱՄՆ-ի Նախագահի Նախկին Թեկնածու, Հայամէտ Հայեացքներով Յայտնի՝ Պոպ Տոլ

Կեանքէն Հեռացած է ԱՄՆ-ի Նախագահի Նախկին Թեկնածու, Հայամէտ Հայեացքներով Յայտնի՝ Պոպ Տոլ

by MassisPost

98 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկեան քաղաքական դաշտի վեթերաններէն մէկը՝ նախկին ծերակուտական եւ նախագահութեան թեկնածու՝ Պոպ (Ռոպըրթ) Տոլ։

Հանրապետական Տոլ առաջիններէն էր, որ անցեալ դարու 80-ականներուն Ուաշինկթըն լոպպիստական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց յանուն ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։

Այս տարուայ Յունիսին Washington Post թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածով Տոլի այդ ջանքերը բնութագրուած էին, որպէս «Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած մոռցուած պայքար»։

1989-ի սկիզբը՝ Սպիտակի երկրաշարժէն շաբաթներ անց, Տոլ այցելած էր Հայաստան՝ ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան հերթական չափաբաժինը տրամադրելով աղէտէն տուժածներուն։

Տոլ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մասնակից էր, որու ընթացքին ան ծանր վիրաւորում ստացած էր, որու հետեւանքով ընդմիշտ անդամալոյծ եղած էր անոր աջ ձեռքը, ռազմական բժիշկները հեռացուցած էին անոր երիկամներէն մէկը։ Ստացուած վնասուածքները, սակայն, Տոլը չէին խանգարած ներգրաւուելու գործուն քաղաքականութեան մէջ։

1961-էն 1969 թուականներուն Պապ Տոլ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ էր,1969-էն 1996 թուականներուն ալ Ծերակուտականին մէջ կը ներկայացնէր իր հայրենի Քանսաս նահանգը։

1996 թուականին Տոլ հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուեցաւ, որպէս նախագահութեան թեկնածու՝ պարտուելով այն ժամանակուայ գործող նախագահ Պիլ Քլինթընին դէմ։

Տոլ յայտնի էր ամենաբարդ պահերուն կատակի զգացողութիւնը չկորսնցնելու կարողութեամբ։ 1996-ին պաշտօնապէս ընդունելով նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին կրած պարտութիւնը՝ Տոլ յայտարարած էր․ – «Վաղը իմ կեանքի առաջին օրը կ’ըլլայ, երբ ես որեւէ զբաղմունք չեմ ունենար»։

Նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի հրահանգով այսօր Ուաշինկթընի մէջ իջեցուած են բոլոր պետական գերատեսչութիւններու շէնքերուն վրայ տեղադրուած պետական դրօշները՝ որպէս Պոպ Տոլի հանդէպ յարգանքի նշան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment