Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Կրօնական Ժառանգութիւնը Կը Գտնուի Սպառնալիքի Տակ

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Կրօնական Ժառանգութիւնը Կը Գտնուի Սպառնալիքի Տակ

by MassisPost

ԱՄՆ-ի «Կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողով»-ը իր կողմէն պատրաստուած զեկոյցով Թուրքիոյ մեղադրած է կրօնական փոքրամասնութիւններու շուրջ թշնամական քաղաքական միջավայր ստեղծելու մէջ:

Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած է թրքական yeniakit.com.tr-ը:

Զեկոյցը նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հանդուրժէ երկրի, ինչպէս իսլամական, այնպէս ալ ոչ իսլամական կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքն ու բռնութեան աքթերը, եւ ընդգծուած, որ  յատկապէս Թուրքիոյ հայ համայնքի եւ այլոց ահաբեկման ենթարկելու նոր ձեւեր ի յայտ եկած են:

Շեշտուած է, որ հայկական կրօնական ժառանգութիւնը վտանգի տակ է եւ  ընդգծուած է, որ թրքական կառավարութիւնը շարունակաբար միջամտած է կրօնական փոքրամասնութիւններու ներքին գործերուն:

«2013 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոչընդոտէ կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու  խորհուրդներու նոր անդամներու ընտրութեան գործընթացը։ Այդ գործելաոճը, աստիճանաբար, կը նուազեցնէ անոնց (իմա.՝ խորհուրդի անդամներու)  թիւը մահուան եւ հիւանդութեան պատճառով, կը մեծցնէ առօրեայ աշխատանքային դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ՝  կը վնասէ այնպիսի համայնքներուն, ինչպիսին է, օրինակ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Բացի այդ  COVID-19 համավարակը եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը նպաստած  են հակահայկական դաւադրութիւններուն եւ բողոքի ցոյցերուն»,- ըսուած է զեկոյցով։

Զեկոյցով ընդգծուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ հակասեմականութեան աճը եւ ալեւի համայնքի նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment