Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՔՊ-ը Յաղթած Է 36 Համայնքներէն 25-Ին Մէջ, Պարտուած Է Մասիսի, Աբովեանի Եւ Վանաձորի Մէջ

ՔՊ-ը Յաղթած Է 36 Համայնքներէն 25-Ին Մէջ, Պարտուած Է Մասիսի, Աբովեանի Եւ Վանաձորի Մէջ

by MassisPost

Երէկ՝ Դեկտեմբեր 5-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը (ՔՊ) յաղթած է 36 համայնքներէն մեծ մասին մէջ, ինչպէս կուսակցութենէն Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Վահագն Ալեքսանեան գրած է Դիմատետրի էջով՝ նախնական տուեալներով 25-ին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, իշխանական կուսակցութիւնը պարտուած է քանի մը խոշոր քաղաքներու մէջ:

Մասիսի գործող քաղաքապետ, քրէական գործով մեղադրեալ Դաւիթ Համբարձումեանի գլխաւորած դաշինքը յաղթած է ապահովելով Համբարձումեանի հետագայ պաշտօնավարումը:

Աբովեանի մէջ ամենաշատ ձայներ՝ շուրջ 46 տոկոս, ստացած է «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, որու թեկնածու՝ Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի նախկին պետ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր՝ Էդուարդ Բաբայեանին անհրաժեշտ են նաեւ այլ ուժերու քուէներ քաղաքապետ ընտրուելու համար: 2019-ին Բաբայեան դատապարտուեցաւ 3 տարի 6 ամիս ազատազրկման եւ համաներմամբ ազատ արձակուեցաւ:

Վանաձորի մէջ յաղթած է նախկին քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանի գլխաւորած դաշինքը՝ ստանալով քուէներու մօտ 38,6 տոկոսը, ինչ որ կը նշանակէ, որ առանց այլ ուժի ձայներու Ասլանեան չ’ընտրուիր քաղաքապետ: Անցեալ ընտրութիւններուն Ասլանեան կը գլխաւորէր Հանրապետականի ցուցակը:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, որու ցուցակի առաջին համարը Լոռիի մարզպետ՝ Արամ Խաչատրեանն է, ստացած է ձայներու մօտ 24,7 տոկոսը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր դիմատետրեան իր էջով անդրադարձած է ՏԻՄ ընտրութիւններուն՝ մասնաւորապէս գրելով՝ ՏԻՄ ընտրութիւններու այս որակը, «երբ քաղաքացին Տէր է եւ Որոշող, մեր վաղեմի երազանքն է՝ ի կատար ածուած»։

«Գիտեմ եւ հասկանում եմ տեսակէտը, թէ աւելի լաւ է ընտրութիւնները կեղծուէին, բայց անվտանգութեան աւելի բարձր մակարդակ ունենայինք, բայց իմ համոզմունքը եղել է, կայ եւ կը լինի, որ հենց ընտրութիւնների կեղծման երկարամեայ գործարկումն է քայքայել 90-ականների սկզբին ձեւաւորուող պետական դիմակայունութեան համակարգը եւ շղթայական հակազդեցութիւններով յանգեցրել անվտանգային աղէտների», – գրած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment