Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աղմուկ` Վասն Ոչինչի

Աղմուկ` Վասն Ոչինչի

by MassisPost

Անցեալ շաբթուայ ընթացքին Երեւանի մէջ կայացաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի հերթական նիստը, որուն  գլխաւոր օրակարգը դարձեալ եղաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ նուիրաբերուած աւելի քան 200 միլիոն տոլարի մօտ կէսը պետական պիւտճէ փոխանցուելու պարագան, որուն շուրջ կը շարունակուի ատեն-ատեն աղմուկ բարձրանալ տարբեր շրջանակներէ:

Այս հարցին առաջինը բողոքած էր Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, այն օրերուն երբ ընդդիմութիւնը փողոց դուրս եկած էր վարչապետի հրաժարականի պահանջով եւ Նախագահը եւս միացած էր հրաժարականի կոչերուն եւ հաւանաբար կը փորձէր այդպիսով իր «ներդրումը» ունենալ այդ արշաւին մէջ:

Հոգաբարձուներու Խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ հրապարակաւ յայտարարեցին, թէ այդ փոխանցումը եղած է իրենց գիտակցութեամբ եւ Հիմնադրամի ու Կառավարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ: Հակառակ ասոր, ընդդիմադիր ուժերը անմիջապէս կառչեցան Արմէն Սարգսեանի խօսքերուն ու կը շարունակեն շահագործել զայն հակա-Փաշինեան իրենց պայքարի ընթացքին:

Տասը տարի երկիրը միանձնեայ ղեկավարած, օլիկարխիկ համակարգի հիմնադիրը նկատուող ու կաշառակերութեան համար այս օրերուն դատարանի առջեւ կանգնած  Ռոբերդ Քոչարեան նամակ յղած է Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին, ըսելու համար որ, կը մերժէ մասնակցիլ նիստին ու վաւերացնել կատարուած «ապօրինութիւնը»: Իսկ, Դաշնակցական պատգամաւոր մը կը յայտարարէ թէ, այդ գումարը «գրպանած» են: Նախ պէտք է յիշեցնել նմաններուն, որ գրպանել կը նշանակէ իւրացնել կամ մէկու մը սեփականութիւնը դարձնել: Պետական պիւտճէ մուտքագրուած գումարին կարելի չէ նման բնութագրում տալ` անցնելով պարկեշտութեան բոլոր սահմանները:

Զուգահեռ, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր` «Հայաստան» դաշինքը եւս լծուած է Հիմնադրամին շուրջ անվստահութիւն սերմանելու գործին: Անոնք ստեղծած են խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով` ուսումնասիրելու համար Հիմնադրամէն պիւտճէ փոխանցուած միջոցներու օգտագործումը:

Աշխարհի բոլոր ծագերէն Հայութիւնը փութաց իր մասնակցութիւնը բերելու պատերազմի ջանքերուն, առանց հարցնելու թէ այդ գումարը ի¯նչ ձեւով պիտի տնօրինուին: Հայաստանի զինուած ուժերը կը ֆինանսաւորուին  երկրի պետական պիւտճէէն, իսկ բանակը կը կռուէր ու կը զոհուէր` պաշտպանելու համար Արցախեան հողը: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հայու կատարած նուիրատուութիւնը ծառայած եղաւ իր նպատակին, երբ այդ գումարները փոխանցուեցան պետութեան գանձին:

Հոս կ’արժէ յիշել նաեւ երկրորդ պարագայ մը: Միայն այս տարի Հայաստանի կառավարութիւնը Արցախի պիւտճէին յատկացուցած է 200 միլիոն տոլար: Այսինքն, Հիմնադրամէն պետութեան փոխանցուած գումարին կրկնապատիկը:

Ժամանակն է որ, Հիմնադրամով «մտահոգ»  ձեւացողները դադրեցնեն իրենց անիմաստ արշաւը եւ վասն ոչինչի աղմուկը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment