Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Մանրամասնութիւններ Հաղորդած Է Սոչիի Եռակողմ Հանդիպման Մասին

Էրտողան Մանրամասնութիւններ Հաղորդած Է Սոչիի Եռակողմ Հանդիպման Մասին

by MassisPost

Սոչիի եռակողմ հանդիպումը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ, արդիւնաւէտ անցած է, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը, մանրամասնելով, թէ այդ մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է իրեն Ատրպէյճանի նախագահը՝ Աշխապատի մէջ Նոյեմբեր 28-ին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։

«Արազի (Արաքս) երկայնքով երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ճանապարհներ կառուցելու հարցը լուծուած է։ Օրակարգին վրայ է մայրուղիի կառուցումը, որ կ’անցնի Հայաստանի տարածքով եւ Նախիջեւանով՝ հասնելով մինչեւ թրքական Իկտիր», – ըսած է Էրտողանը, ընդգծելով, թէ այդ նախագիծերով կողմերը կարեւոր քայլ մը կ’ընեն տարածաշրջանի ուղեւորներու փոխադրումներու եւ բեռնափոխադրումներու զարգացման համար։

Էրտողան խօսած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ առաջ քաշուած «3+3» հարթակի մասին։

«Այս ձեւաչափի աշխուժացումը՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Իրանի, եւ եթէ համաձայնին՝ նաեւ Վրաստանի մասնակցութեամբ, կ’ապացուցէ, որ տարածաշրջանային խաղաղութիւն կայ։ Մենք կը տեսնենք, որ այդ ուղղութեամբ կան դրական քայլեր», – ըսած է ան։

Վրաստանը պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ դէմ է այս ձեւաչափին՝ Ռուսաստանի մասնակցութեան պատճառով։ Պաշտօնական Երեւանը դեռ վերջնական դիրքորոշում չէ յայտնած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment