Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Այդ Միջանցքը Կը Միաւորէ Թրքալեզու Աշխարհի Բոլոր Երկիրները». Ալիեւ Կրկին Խօսած Է «Զանգեզուրի Միջանցքի» Մասին

«Այդ Միջանցքը Կը Միաւորէ Թրքալեզու Աշխարհի Բոլոր Երկիրները». Ալիեւ Կրկին Խօսած Է «Զանգեզուրի Միջանցքի» Մասին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը կրկին խօսած է «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, այս անգամ՝ Պոլսոյ մէջ, թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան համաժողովին։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան վերջին պատերազմին՝ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի յաղթանակը կը նշանակէ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ենթակառուցուածքներու զարգացում, եւ որ այդ տեսանկիւնէն կարեւոր է «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը»։

«Ան կը բանայ լայն հնարաւորութիւններ ողջ տարածաշրջանի համար, այդ միջանցքը շատ լաւ ներուժ ունի, եւ կը միաւորէ թրքալեզու աշխարհի բոլոր երկիրները՝ մեզ միացնելով Եւրոպայի հետ», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չեն քննարկած եւ ոչ ալ կը քննարկեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment