Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Անգարայի Մօտ ԱՄՆ-ի Նոր Դեսպանի Թեկնածութիւնը Հաստատուած է Ծերակուտականի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի Նիստին

Անգարայի Մօտ ԱՄՆ-ի Նոր Դեսպանի Թեկնածութիւնը Հաստատուած է Ծերակուտականի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի Նիստին

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ծերակուտականի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը հաստատած է նախկին ծերակուտական Ճէֆ Ֆլէյքի թեկնածութիւնը Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի պաշտօնի համար։

Յանձնաժողովի հաւանութեան արժանացած թեկնածուն Ծերակուտականի ընդհանուր նիստին եւս հաստատուելու պարագային պաշտօնապէս կը սկսի կատարել իր պարտականութիւնները որպէս Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի նոր դեսպան։

Ճէֆ Ֆլէյքը յանձնաժողովի նիստի ժամանակ արդէն հասցուցած է զգուշացնել Թուրքիան, որ Ռուսաստանէն յաւելեալ զէնք գնելու պարագային ԱՄՆ կարող է նոր պատժամիջոցներ սահմանել։

Նշենք, որ Ֆլէյքի պաշտօնավարումը կը համընկնի ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու ամենալարուած շրջաններէն մէկուն։ ՆԱԹՕ-ի երկու դաշնակից պետութիւնները այժմ հակասութիւններ ունին Սուրիոյ մէջ, բացի այդ Ուաշինկթըն Անգարայի նկատմամբ պատժամիջոցներ սկսած է կիրառել, երբ Թուրքիան ռուսական S-400 զենիթահրթիռային ՀՕՊ համակարգեր գնած է։ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները լարուած են նաեւ Ճօ Պայտընի կողմէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառման առնչութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment