Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հայաստանը Հաագայի Դատարանէն Խնդրած Է Մերժել Ատրպէյճանի Պահանջները Միջանկեալ Միջոցներու Վերաբերեալ

Հայաստանը Հաագայի Դատարանէն Խնդրած Է Մերժել Ատրպէյճանի Պահանջները Միջանկեալ Միջոցներու Վերաբերեալ

by MassisPost

Հայաստանը ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն խնդրած է մերժել ՀՀ-ի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի պահանջը:

Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Եղիշէ Կիրակոսեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. – «Ատրպէյճանի պահանջները չեն բաւարարում այն պայմաններին, որոնք թոյլ են տալիս դատարանին օգտագործել միջանկեալ միջոցներ կիրառելու իր իրաւունքը։ Մենք համոզուած ենք, որ դատաւորներն իրենք էլ կը համոզուեն դրանում»:

Կիրակոսեան Հաագայի դատարանէն խնդրած է «ամբողջութեամբ մերժել Ատրպէյճանի պահանջները միջանկեալ միջոցների ներդրման վերաբերեալ»:

Աւելի վաղ ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչ Էլնուր Մամետովը դիմած էր միջանկեալ միջոցներ կիրառելու խնդրանքով, անոնց կարգին՝ պարտաւորեցնել Հայաստանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները, որպէսզի Ատրպէյճանը կարողանայ արագ, անվտանգ եւ արդիւնաւէտ ականազերծում իրագործել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment