Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վանօ Սիրադեղեանի Յուղարկաւորութեան Կազմակերպման Նպատակով Կառավարական Յանձնաժողով Կը Ստեղծուի

Վանօ Սիրադեղեանի Յուղարկաւորութեան Կազմակերպման Նպատակով Կառավարական Յանձնաժողով Կը Ստեղծուի

by MassisPost

Վանօ Սիրադեղեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպման նպատակով կը ստեղծուի կառավարական յանձնաժողով, որ կը քննարկէ յուղարկաւորութեան արարողութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը։ Մանրամասնութիւններ կը հաղորդուին Սիրադեղեանի հոգեհանգստի եւ յուղարկաւորութեան ժամկէտները յստականալէն ետք, «Ազատութիւն»ին հաղորդած են կառավարութենէն։

Գործադիրէն, սակայն, չեն մանրամասնած, թէ արդեօք կը ծրագրուի Սիրադեղեանի դիակը տեղափոխել Հայաստան, եւ կամ ուր պիտի յուղարկուի եւ ով պիտի  գլխաւորէ կառավարական յանձնաժողովը։

Հայաստանի պետական, կուսակցական, հասարակական գործիչ, գրող եւ հրապարակախօս՝ Վանօ Սիրադեղեան մահացած է Հոկտեմբեր 15-ին՝ 75 տարեկանին։

Հայ ազգային քոնկրէսը կառավարութեան կոչ ըրած է Սիրադեղեանը յուղարկաւորել Կոմիտասի անուան պանթէոն՝ հաշուի առնելով «ժողովրդին նրա մատուցած ծանրակշիռ ծառայութիւնները՝ գրականութեան եւ պետական կառավարման բնագաւառներում»:

Սիրադեղեանի ընտանիքէն «Ազատութիւն»ին հաղորդած են, որ այս հարցով դեռ յստակութիւն չկայ։

Վանօ Սիրադեղեան Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան հիմնադիրներէն է, «Ղարաբաղ» կոմիտէի, Հայոց համազգային շարժման (ՀՀՇ) հիմնադիր եւ ղեկավար անդամ: Հայաստանի անկախութեան առաջին տասնամեակի ընթացքին շարք մը առանցքային պաշտօններ գրաւած է, անոնց կարգին՝ Ներքին գործոց նախարար, Երեւանի քաղաքապետ, ՀՀՇ վարչութեան նախագահ:

1998 թուականի Փետրուար-Ապրիլին տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն՝ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականէն եւ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան գալէն ամիսներ անց Սիրադեղեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսած է շարք մը ծանր յօդուածներով, անոնց կարգին՝ յանցակցութիւն դիտաւորեալ սպաննութեան, աւազակութիւն եւ կաշառութիւն, ան 1999 թուականի Մայիսին ձերբակալուած է, ապա անձնական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուած կալանքէն: 2000-ի Ապրիլին Ազգային ժողովը բաւարարած Վանօ Սիրադեղեանին պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու եւ կալանաւորելու Դատախազութեան միջնորդութիւնը, որմէ ետք ան փախուստի դիմած եւ մինչ այժմ հետախուզման մէջ էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment