Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախարար. Գորիս-Կապան Հատուածը Շրջանցող Տաթեւ-Աղուանի Ճանապարհը Պատրաստ Կ’ըլլայ Տարեվերջին

Նախարար. Գորիս-Կապան Հատուածը Շրջանցող Տաթեւ-Աղուանի Ճանապարհը Պատրաստ Կ’ըլլայ Տարեվերջին

by MassisPost

Սիւնիքի մարզի` Տաթեւ-Աղուանի հանրապետական նշանակութեան այլընտրանքային ճանապարհի հիմնանորոգումը ընթացքի մէջ է, յայտնած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Գնել Սանոսեան:

Անոր հաղորդմամբ` այս տարուայ աւարտին արդէն պատրաստ կ’ըլլայ Գորիս-Կապան հատուածը շրջանցող Տաթեւ-Աղուանի բարեկարգ ճանապարհը։

Քանի մը շաբաթ է, որ Պաքուն մաքսատուրքեր կը պահանջէ Գորիս-Կապան մայրուղիի այդ 21 քիլոմեթրնոց հատուածէն անցնող իրանցի վարորդներէն եւ երկու հոգի ալ ձերբակալած է՝ ապօրինի Ղարաբաղ այցելելու համար։ Գորիսէն Որոտան հասնելու, ապա վերադառնալու համար հայերուն պարագային ալ նոր կարգ կը գործէ` մեքենաները կը սպասեն հայկական անցակէտի մօտ, մինչեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կ’ուղեկցի ինքնաշարժներուն։

Միջադէպի առաջին օրն իսկ Ատրպէյճանի մաքսային պետական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածեց, թէ Ատրպէյճանի մաքսային մարմինները ներկայիս կը կիրառեն օրէնսդրութեամբ այս ուղղութեամբ նախատեսուած դրոյթները Ատրպէյճանի ողջ տարածքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment