Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՄՄ-ի Հարիւրամեակի Փառաւոր Տողանցքը Դամասկոսի Մէջ

ՀՄՄ-ի Հարիւրամեակի Փառաւոր Տողանցքը Դամասկոսի Մէջ

by MassisPost

Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններու սեմին,Դամասկոսի  ՀՄՄ-ի վարչութիւնը  արժանավայել, պատուական տողանցքով, ոգեւորութիւն ներշնչելով, ուժգին թնդացուց Դամասկոսի հին թաղերը, մեծ արձագանգ ձգելով Հայ եւ արաբ հանրութեան: Հետեւեալ միջոցառումը հանդիսացաւ, հարիւրամեակի համար ծրագրուած առաջին նախաձեռնութիւն, որ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հովանաւորութիւնը կը վայելէր: Տօնախմբութիւնը սփռուեցաւ ուղիղ՝ Միութեանս  Ֆէյսպուքեան էջերուն կողմէ:

Կիրակի 10, Հոկտ. 2021-ի Ժամը 4:00ին ծրագրուածին համաձայն, ակումբիս ամենատարեց վեթերան  ընկերներէն՝ ընկ.Նուպար Մարաշլեանը  հանդիսական, նոր  փողկապներէն անցուց մեծ ընկերներուն վիզերէն:Այսպէս վեթերան ընկերներ աւելի կրտսեր ընկերներուն փողկապներ փոխանցեցին:  Վարիչ Մարմինի սենեակը պատրաստուեցաւ՝ Նախկին ՀՄՄ-ի Սկաուտապետ եւ նախկին ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ընկեր Դաւիթ Խպոյեանի տարազի մանրամասնութիւնները, որպէս օրուան հիւր Սկաուտապետ:

PHOTO-2021-10-12-21-20-01 (1)

Հանդիսաւոր տողանցքը սկսաւ ՀՄՄ-ի ակումբէն ճիշդ ժամը  5:00-ին: Խումբը ուղղուեցաւ «Պուլատ» թաղէն մինչեւ «Պըրժ էլ Ռուս»-ի հրապարակը, աննկուն կամքով եւ հաստատ քայլերով: Սուրիական քայլերգը նուագելէ վերջ, քանի մը երգ ալ նուագեց Պաաս կուսակցութեան կեդրոնին առջեւ եւ ուրախութեամբ հիւրընկալուեցաւ  կուսակցութեան քարտուղարութեան  կողմէն, որ իր կարգին  «ՀՄՄ-ի հարիւր ամեակը» շնորհաւորեց : Այնտեղ էր նաեւ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, որ արաբերէն լեզուով իր սրտի խօսքը փոխանցեց:

Փառքով ու պերճանքով հարիւր վաթսուն սկաուտ, առաւել՝ անդամներ ու համակիրներ, փառաշուք երթով բռնեցին վերադարձի ճամբան: Խումբը ակումբ հասնելով   մի քանի երգ նուագեց , ապա « Հայաստանի քայլերգը, որ ուժեղ ծափահարութիւններու արժանացաւ:  Քաջալերական խօսքով նախ ճառեց,  ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ ընկ. Վազգէն Համալեանը, որ ըսաւ. «ՀՄՄ-ի միութիւնը միայն մարմնամարզական եւ Սկաուտական միութիւն մը չէ: Ան ինքն ըստ ինքեան մեծ ընտանիք մըն է հայկական: Ընտանիք մը, որ ունի իր հոգսերը, դժուարութիւնները, յաջողութիւնները, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները, եւ մենք հարիւր տարի մէկ ընտանիքի նման կրցած ենք պահել:Այսօր բոլորս մէկ համախմբուած ենք փողկապով, շքերթով: Համախմբուած են մէկ ուղղութեամբ մտածելու, Հայ ընտանիքի պահպանման համար: Բոլորին վարձքը կատար:Եղէք միասնական…»:

PHOTO-2021-10-12-21-20-04

Վարիչ Մարմինի  խօսքը փոխանցեց, Վարիչ Մարմինի փոխ ատենադպիր եւ Թարգմանչաց ճերմարանի Հոգաբարձութեան Ա. Պետը՝ Ընկ. Աւետիս Ջուլֆայեան: Նախ շնորհաւորեց ՀՄՄ-ի հարիւրամեակը, եւ գնահատեց տարուած աշխատանքը: Ապա Սրբազան Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, իր սրտին խօսքը յայտնեց ըսելով.«Այսօր Դամասկոսի մէջ ՀՄՄ-ը  ըսաւ իր խօսքը:Այսօր  Դամասկոսի մէջ ՀՄՄ-ը վերահաստատեց իր ներկայութիւնը: Այսօր ՀՄՄ-ի մէջ  այս գեղեցիկ շքերթով հաստատեց հաստատակամութիւնը, իր հարիւրամեայ երթին շարունակող ըլլալը : Ըլլալ անդամ եւ զաւակը միութեան մը, որ հարիւր տարի կեանք ունեցած է, հարիւր տարի հաստատուած եւ վերահաստատուած է: Վերջին տասը տարուան Սուրիոյ մէջ պատերազմական դժուարութիւնները յաղթահարելով, այսօր մենք կրկին վայելեցինք այն ոգին, այն շունչը, որ հարիւր տարի առաջ նուիրեալներ, որոնք հիմնեցին 1921թ. Հայ Մարմնամարզական Միութիւնը:

Երանի ձեզի փոքրիկներ, որ եղած էք անդամ ՀՄՄ-եան: Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կը շնորհաւորեմ ՀՄՄ-ի մեծ ընտանիքը Հոբելինական տարեդարձին առթիւ, մաղթելով յարատեւ երթ, հաստատուն քայերով:  Այսօրուան շքերթին մասնակցող բոլոր կազմակերպիչներուն, նուագողներուն, կը բերեմ իմ օրհնութիւններս եւ կ’ըսեմ ձեզի վարձքերնիդ կատար: Աստուած ձեր ուժը աւելցնէ, Աստուած ձեր բազուկները զօրացնէ…Մենք հարուստ ենք մեր միասնականութեամբ…: Ապա Սրբազան հայրը իր բարի գալուստի խօսքը յայտնեց՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինէն ժամանած եւ Դամասկոսի գաղութէն ներս իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայութեան կանչուած, Հոգեշնորհ՝ Տէր Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեանը, որ իր կարգին ներկաներուն իր սրտին խօսքը մատուցանեց:

PHOTO-2021-10-12-21-20-03

ՀՄՄ-ի Ընտանիքի հարիւրամեայ տօնակատարութիւնը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր՝ խանդավառութեամբ, կեր ու խումով, երիտասարդներուն երգերով ու պարերով:

ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՐԾԱՆՔ ՀՄՄ-Ը ՍՏԵՂԾՈՂՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱԶԱՐ ՓԱՌՔ  ԶԱՅՆ ՀԱՍՏԱՏ ՊԱՀՈՂՆԵՐՈՒՆ:

ՀԱՍՏԱՏ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԴԷՊԻ ՊԱՆԾԱԼԻ ԵՐԿՈՒ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ.

Անոյշ Քէօրօղլեան-Մարաշլեան

PHOTO-2021-10-12-21-20-00 (2)

PHOTO-2021-10-12-21-20-03 (1)

PHOTO-2021-10-12-21-19-59

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment