Home ՍՓԻՒՌՔ Տ. Խաժակ Արք. Ձեռամբ Սուրբ Պատարագ Եւ Խաչքարի Օրհնութիւն՝ Պարշելոնայի Մէջ

Տ. Խաժակ Արք. Ձեռամբ Սուրբ Պատարագ Եւ Խաչքարի Օրհնութիւն՝ Պարշելոնայի Մէջ

by MassisPost

3 Հոկտեմբերին, Պարշելոնա քաղաքին մէջ գտնուող Փետրալպըսի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ` Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի մատուցուած է Սուրբ Պատարագ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ հայ հաւատացեալներուն բացատրած է սուրբ խաչի խորհուրդը, ըսելով` խաչը սիրոյ, նուիրումի, զոհաբերութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ է, այնուհետեւ յիշեցուցած է տեղի հայութեան, որ մեզմէ իւրաքանչիւրն ունի առաքելութիւն, յատկապէս օտարութեան մէջ եւ այդ առաքելութիւնը յաջողութեամբ իրականութիւն պիտի դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ այն ընկալենք խաչի խորհուրդի միջոցով:

barcelona-2

Սուրբ Պատարագին իր պատուաւոր մասնակցութիւնը  բերած էր նաեւ Ռումինոյ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեանը: Ներկայ էր նաեւ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան յարգարժան պարոն Վլատիմիր Կարմիրշակեանը եւ տարբեր համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի ձեռամբ Սրբազան Հայրերու կատարուած է սրբապատկերներու օծման արարողութիւն:

Այնուհետեւ Սրբազան հայրերու առաջնորդութեամբ, ներկայ հաւատացեալ հայորդիները ուղղորդուած են դէպի վերոնշեալ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարը, որ կանգնեցուած էր ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու` կատարելու  համար խաչքարի օրհնութեան կարգ:

Սրբապատկերներն ու  Խաչքարը կանգնեցուած են`բարերարութեամբ պարշելոնաբնակ Մայիլեան ընտանիքի` ի մասնաւորի Արման Մայիլիեանի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment