Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ֆէյսպուքը» Ուշադրութեան Խաչմերուկին

«Ֆէյսպուքը» Ուշադրութեան Խաչմերուկին

by MassisPost

Ընկերային ցանցերու հսկան` «Ֆէյսպուքը» իր աւելի քան 2 միլիառ բաժանորդներով ներկայիս կը գտնուի խոշորացոյցի տակ: Անոր, հասարակութեան վրայ ունեցած վնասակար ազդեցութեան մասին կը խօսուի երկար ժամանակէ ի վեր, սակայն   բովանդակութեան  նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելու առումով երկիրներ ու պետութիւններ առայժմ անկարող եղած են գործնական քայլերու դիմելու:

«Ֆէյսպուքը» որ սկսած էր որպէս ընկերներու եւ բարեկամներու միջեւ մտերմիկ կապ հաստատելու միտող ցանց, շեղելով իր սկզբնական նպատակներէն, ներկայիս վերածուած է ապատեղեկատութիւն տարածող ու  բախումներ յառաջացնող վտանգաւոր միջոցի մը, որու հետեւանքներէն կը տուժեն երկիրներ ու հասարակութիւններ:

Միացեալ  Նահանգներու Գոնկրէսը վերջին տարիներուն բազմաթիւ լսումներ կազմակերպեց ընկերային ցանցերու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ,  յուսալով որ անոնք կամովին կը վերահսկեն իրենց բովանդակութիւնը ու  հարթակներէն կը հեռացնեն հասարակութիւնները պառակտող ու անոնց մտային ու ֆիզիքական առողջութեան վնաս հասցնող գրառումները:

Վերջերս, «Ֆէյսպուքի» պաշտօնեաներէն Ֆրէնսիս Հոկընզ ներկայանալով հանրութեան, յայտնեց թէ կարողացած է կրկնօրինակել ներքին գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն որ, ընկերութեան բարձրաստիճան ղեկավարները իմանալով հանդերձ որ, շատ մեծ վնաս կը հասցնեն աշխարհի գրեթէ ամէն կողմը, նախընտրած են գերադասել  իրենց ֆինանսական շահերը:

Օր. Հոկընզ նախ Կիրակի երեկոյեան հարցազրոյց ունեցաւ լրագրող Անտըրսըն Քուփըրի հետ` «ՍԻ.Պի.Էս.» հեռատեսիլի «60 վայրկեան» հաղորդումէն` միլիոնաւոր դիտողներուն ներկայացնելով իր տրամադրութեան տակ գտնուող փաստաթուղթերը:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս բացայայտումներուն  յաջորդ օրը ամբողջ աշխարհի տարածքին, ժամեր շարունակ խափանուեցան «Ֆէյսպուքը» ու անոր պատկանող «ինսթիկրամը» եւ «Ուաթցէփը»: Ընկերութիւնը այս անջատումը վերագրեց  թեքնիք հարցերու, սակայն ոմանք առաջ կը մղեն այն վարկածը թէ, ներքին կամ արտաքին ՙյարձակում՚ կատարուած կրնայ ըլլալ ընկերութեան համակարգիչներուն վրայ:

Ֆրէնսիս Հոկընզ ելոյթ ունեցաւ Ծերակոյտի յանձնաժողովներէն մէկուն առջեւ` յայտարարելով թէ «Ֆէյսպուք» բաժանում կը սերմանէ ու կը վտանգէ ժողովրդավարութեան: Ան խնդրեց որպէսզի Գոնկրէսը յատուկ օրէնքներ մշակէ ընկերային ցանցերուն վրայ  վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով:

Ան խօսեցաւ նաեւ «ինսթիկրամի»` յատկապէս պատանի աղջիկներու վրայ ունեցած վնասակար ազդեցութեան մասին, որոնց անտեղեակ են անոնց ծնողները:

Օր. Հոկընզ համաձայն գտնուեցաւ այն կարծիքին հետ, որ «Ֆէյսպուքը» նպաստած է Յունուար 6-ին, նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի աջակիցներուն կողմէ Գափիթոլի շէնքին վրայ կատարուած յարձակումին:

Շատ մը մասնագէտներու կարծիքով, ընկերային ցանցերուն հետ պէտք է վերաբերիլ այնպէս ինչպէս տարիներ առաջ պատահեցաւ ծխախոտի ընկերութիւններուն հետ, որոնք ներքին ուսումնասիրութիւններով քաջատեղեակ էին, որ նիքոթինը վնասակար է մարդու առողջութեան, այդուհանդերձ կը շարունակէին հերքել այդ իրողութիւնը:

Հայութիւնը եւս ականատես կ’ըլլայ թէ ինչպիսի կեղծ լուրերով ողողուած են ընկերային ցանցերը, որոնք կը վտանգն Հայաստանի ներքին ու արտաքին ապահովութեան:

«Ֆէյսպուքը» ըլլալով Ամերիկեան ընկերութիւն մը, Ժամանակն է որպէսզի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը ըլլայ նախաձեռնողը`  առնելով անհրաժեշտ քայլերը համացանցը աւելի ապահով միջավայրի վերածելու ուղղութեամբ, առանց սահմանափակելու անհատներու խօսքի ազատութիւնը: Անկէ պիտի օգտուին աշխարհի բոլոր երկիրներն ու ժողովուրդները:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment