Հոկտեմբեր 4-ին, ժամը 23:30-ի սահմաններուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին, ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակահերթէն վնասուած է հայկական Զինուած Ուժերու թիկունքային ապահովման բեռնատար ինքնաշարժ, տեղեկացուցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդմամբ, անձնակազմին մէջ տուժածներ չկան: