Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Ինքնիշխանութիւնը, Տարածքային Ամբողջականութիւնը, ԼՂ Հայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Առաջնահերթութիւններէն Են. Փաշինեան

ՀՀ Ինքնիշխանութիւնը, Տարածքային Ամբողջականութիւնը, ԼՂ Հայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Առաջնահերթութիւններէն Են. Փաշինեան

by MassisPost

«Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների պաշտպանութիւնը, այդ թւում` ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելը մեր առաջնահերթութիւններից է», – Լիթուանիոյ հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը։

Փաշինեան խոստովանած է, որ այդ առաջնահերթութիւնները պաշտպանելու ճանապարհին իրենք կը քալեն ականապատ դաշտի վրայ, ուր պէտք է չափազանց զգոյշ եւ շրջահայեաց ըլլալ։ Ան, սակայն, չէ բացած փակագիծեր, թէ խօսքը ինչի մասին է։

Ան կրկին խօսած է տարածաշրջանի համար խաղաղ դարաշրջան բանալու անհրաժեշտութեան ու հրամայականին մասին հաստատելով, որ ինքը պատրաստ է հանդիպիլ Ատրպէյճանի նախագահին հետ։

Փաշինեանը յիշեցուցած է, որ դեռ ամիսներ առաջ այդ պատրաստակամութեան մասին յայտարարած է. – «Վերջերս ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին ունեցած ելոյթում յայտարարել եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը սպասում է իր լուծմանը, եւ կարող եմ ասել, որ մի քանի անգամ արդէն ողջունել ենք ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների յայտարարութիւնները, որտեղ նրանք մի քանի անգամ արձանագրում են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու ու այս նպատակով խաղաղ գործընթացը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը»։

Վարչապետը շեշտած է, որ Ալիեւի հետ պատրաստ է այդ շրջածիրէն ներս հանդիպիլ՝ աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին ինքը պատրաստ է տանիլ ականապատ դաշտերու քարտէզները եւ կոչ ըրած է Ատրպէյճանի նախագահին իր հետ բերելու բոլոր հայ գերիները։

Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է ատրպէյճանական կողմէն հնչող բողոքին, թէ հայկական կողմին տրամադրած քարտէզները ճշգրիտ չեն. – «Մենք տուել ենք էն քարտէզները, որ ունենք։ Ընենց չի, որ լաւ որակի քարտէզները պահել ենք դարակում, վատ որակի քարտէզները տուել ենք։ Ես չեմ բացառում եւ նաեւ գիտեմ, որ քարտէզների որակի հետ կապուած խնդիր կայ, որովհետեւ քարտէզի որակը կախուած է քարտէզագրողի որակից, նրա արհեստավարժ հմտութիւնից։ Ինչ քարտէզագրել ա, էն էլ ունենք։ Եւ մենք էստեղ անկեղծ ենք, բաց ենք եւ որեւէ մէկին խաբելու մտադրութիւն չունենք, որովհետեւ էստեղ խօսքը ոչ միայն Ատրպէյճանի մասին է, այլեւ մեր միջնորդ գործընկերների մասին է»։

Օրերս նաեւ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ պատրաստ է հանդիպիլ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ եթէ վերջինս եւս պատրաստակամ է։

Հայաստանի ղեկավարը, Հոկտեմբեր 4-ին, Լիթուանիոյ կառավարութեան ղեկավար՝ Ինկրիտա Շիմոնիտէի հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, անդրադարձած է հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ու հաղորդակցութիւններու բացման՝ շեշտելով, թէ պէտք է որդեգրուին այնպիսի սենարներ, որոնք ոչ թէ պէտք է խորացնեն տարածաշրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն մեկուսացումը, այլ ընդհակառակը՝ ստեղծեն պայմաններ անոնց խաղաղ գոյակցութեան համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment