Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Նշուեցաւ Անկախութեան 30-Ամեակը

Հայաստանի Մէջ Նշուեցաւ Անկախութեան 30-Ամեակը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստան նշեց անկախութեան 30-ամեակը: Առաւօտեան,  վարչապետ` Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ` Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ` Արայիկ Յարութիւնեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ` Ալէն Սիմոնեան եւ  իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներ այցելեցին «Եռաբլուրի» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելով Արցախեան 44-օրեայ եւ քառօրեայ պատերազմներու հերոսներու յիշատակին:

Այս առթիւ վարչապետ Փաշինեան ծաղիկներ զետեղեց  Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ` յանուն Հայրենիքի կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

anniversary-5

Օրուայ ընթացքին  տեղի ունեցաւ ոստիկանական զօրքերու եւ նուագախումբի քայլերթը` Երեւանի փողոցներով:

Երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ գլխաւոր միջոցառումը, որու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւանի բուսաբանական այգիյէն ներս պիտի հիմնադրուի Կեանքի պուրակ‘ Կենաց պուրակ, ուր արցախեան բոլոր պատերազմներու բոլոր զոհերու կենդանութիւնն ու ներկայութիւնը խորհրդանշող ծառեր պիտի տնկուին:

«Պուրակի կուլմինացիան կը լինի կենաց ծառը‘ մեր բոլոր նահատակներին եւ հայրենիքին տուած նրանց կեանքը խորհրդանշող: Դա չի լինելու յուշակոթող, լինելու է կենաց պուրակ, որտեղ վազվզելու, աղմկելու, խաղալու  են երեխաները, երիտասարդները ժամանց են ունենալու,  մեծահասակները ճեմելու են ու զրուցելու, եւ այդ պուրակը լինելու է նրա մասին, որ ահա այդ բոլոր մարդկանց, Հայաստանի ու Արցախի ապրելու համար են զոհուել նրանք», –  ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանի ղեկավարը ցոյց տուաւ ծառերը, որոնք հրապարակ բերուած էին ու նշեց, որ պուրակէն ներս անոնք պիտի  խորհրդանշեն Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան նոր դարաշրջանի, խաղաղ զարգացման դարաշրջանի մեկնարկը:

Վարչապետի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան Պետական Սինֆոնիք Նուագախումբը եւ Կամերային երգչախումբը:

anniversary-1

Նախագահ Պայտըն Շնորհաւորական Խօսքին Մէջ Անդրադարձաւ Գերիներու Հարցին

Անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Հայաստանի ղեկավարները ստացան շնորհաւորական նամակներ` աշխարհի տարբեր երկիրներու նախագահներէն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ`  Ճօ Պայտըն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող  Հայ գերիներու հարցին:

«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ միջոցներ գործադրել Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ», Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակի առթիւ, Հայաստանի վարչապետ` Նիկոլ Փաշինեանին յղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսած է նախագահ Պայտըն:

«Վերջին տարուայ ընթացքին հայ ժողովուրդը մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, անոնց կարգին‘ եղան մարդկային ողբերգական կորուստներ` պայմանաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ծաւալուած մարտական գործողութիւններով: Կիսելով հայ ժողովուրդի վիշտը` մենք ձեռք ձեռքի տուած կ’աշխատինք ձեր կառավարութեան հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ այլ տարածաշրջանային ձեւաչափերով` խթանելու համար տարածաշրջանային կայունութիւնն ու հակամարտութեան կարգաւորումը»:

Ընդգծելով Հայ-Ամերիկեան կապերու խորութիւնը եւ մասնաւորաբար ԱՄՆ-ի մէջ 1,5 միլիոն հայերու առկայութիւնը, Պայտըն նշած է. «Միացեալ Նահանգները պատրաստ է յառաջիկայ տարիներուն շարունակել աջակցութիւնը Հայ ժողովուրդին` ժողովրդավարական իր ուղին անցնելու ընթացքին` աջակցելով, մասնաւորաբար, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու առաջմղման, քորուփցիայի դէմ պայքարի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման ձեր ջանքերուն»:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ խոստացած է Հայաստանին աջակցիլ ՚Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն այդ նպատակով արդէն իսկ աւելի քան 14 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է Հայաստանին:

Նախագահ Փութինի Շնորհաւորական Խօսքը

Ռուսաստանի նախագահ` Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ անդրադարձած է տարածաշրջանային խնդիրներուն` յիշատակելով նաեւ եռակողմանի Հայ-Ռուս-ատրպէյճանական յայտարարութիւնները:

Փութինը, մասնաւորապէս, նաեւ նշած է. «Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան բարի աւանդոյթներու, մշակութային եւ հոգեւոր մտերմութեան վրայ: Անոնց հետագայ զարգացումը դաշնակցային ոգիով, անկասկած, կը համապատասխանէ մեր եղբայրական ժողովուրդներու առանցքային շահերուն»:

Նախագահ Մաքրոնի   Շնորհաւորական Խօսքը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն   ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին յղուած  իր շնորհաւորական նամակին մէջ գնահատած է այն ուղին, որ ուղիղ 30 տարի առաջ անկախութեան ձեռքբերումէն ի վեր, ժամանակակից եւ ժողովրդավարական պետութիւն կերտելու համար, անցած է հայ ժողովուրդը, ապա աւելցուցած «Ֆրանսան եւ Հայաստանը կապուած են պատմութեան մէջ խորապէս արմատացած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով»:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան Մաքրոն նկատել տուած է թէ «Ֆրանսան կը ցանկայ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան դերակատար ըլլալ, եւ այդ ոգիով է, որ Հայաստանի կողքին  է` օգնելու անոր յաղթահարել  Լեռնային Ղարաբաղի արիւնալի պատերազմէն մէկ տարի անց իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»:

Ֆրանսայի նախագահ` Մաքրոն նաեւ նշած է «Մենք ջանք չենք խնայեր` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս գտնելու հակամարտութեան տեւական լուծում եւ յանգելու Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման` ի նպաստ տարածաշրջանի զարգացման եւ բարգաւաճման: Այդ կ’ենթադրէ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան վերսկսում` Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ: Ֆրանսան‘ որպէս համանախագահող երկիր, պատրաստակամ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերել այդ հարցով»:

Իրանի Նախագահի Շնորհաւորական Խօսքը

Անկախութեան 30-ամեակի առթիւ Հայաստանի ղեկավարներուն շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին:

«Երկու երկիրներու մէջ առկայ հնարաւորութիւններու բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի եւ միջազգային ասպարէզի մէջ առկայ նոր իրողութիւնները անհրաժեշտ են դարձուցած կապերու խորացումը, նախապէս ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններո կեանքի կոչումն ու գործակցութեան նոր ոլորտներու բացայայտումը», – Իրանի նախագահի խօսքերէն մէջբերած է IRNA գործակալութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment