Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրիսթին Շահինեան Նշանակուած Է ՍԴՀԿ Հայկական Խորհուրդի Երեւանի Տնօրէնուհի

Քրիսթին Շահինեան Նշանակուած Է ՍԴՀԿ Հայկական Խորհուրդի Երեւանի Տնօրէնուհի

by MassisPost

ՍԴՀԿ  Հայկական Խորհուրդը (Armenian Council) կը յայտնէ թէ Քրիսթին Շահինեան նշանակուած է Երեւան տնօրէնուհի:

«Ինծի համար պատիւ է միանալ Հայկական Խորհուրդի մասնագէտներու կազմին, յատկապէս հայ ժողովուրդին համար այս կարեւոր ժամանակաշրջանին», – նշած է Շահինեան: «Հայկական խորհուրդի առաքելութեան եւ նախաձեռնութիւններուն միջոցաւ մենք առիթ պիտի ունենանք շարունակելու եւ աւելի ամրապնդելու կապերը Հայկական խորհուրդի տարբեր մասնաճիւղերուն եւ մեր հայրենիքի միջեւ»:

Շահինեան, որ վերադարձած է Հայաստան 2020-ին, պիտի վերահսկէ Խորհուրդի ծրագիրներու իրականացումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

«Մենք վստահ ենք, որ Քրիսթինի հիանալի փորձառութիւնը, նուիրուածութիւնն ու համայնքային աշխուժութիւնը պիտի ծառայեն Հայկական խորհուրդի մասնաճիւղերու գործունէութեան զարգացման», – այս առթիւ յայտարարեց Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան: «Մենք ուրախ ենք, որ ունինք նման տաղանդաւոր երիտասարդ մը, որ մաս պիտի կազմէ Հայկական Խորհուրդի աշխատակազմին», – աւելցուց Խաչատուրեան:

Շահինեան պաշտօնավարած Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ կուտակելով աշխատանքային ու մասնագիտական մեծ փորձ եւ ունակութիւն: Մինչեւ Հայկական խորհուրդին միանալը, Շահինեան նախապէս աշխատած է Մարդկային Իրաւանց հաստատութեան մէջ: Ներկայիս ան կը յաճախէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութ եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը: Շահինեանը որպէս քաղաքագէտ աւարտած է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment